Լիբանանի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ նոյն անորոշութեամբ յամենալ: Ըստ մեկնաբաններու, քաղաքական տագնապալի իրավիճակին կողքին կը նախատեսուի նաեւ ապահովական ցնցումներ վկայել:
Մինչ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ` երկրին դիմագրաւած տագնապները լուծելու ճիգեր ի գործ դնելու նպատակով, տիրող կացութիւնը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի կասեցման լոյսին տակ, նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորան, Նեժիպ Միքաթին եւ Թամմամ Սալամը, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ Հարիրի կառչած մնայ կառավարութեան այն կազմին, որ ներկայացուցած էր հանրապետութեան նախագահին, ոչ թէ յամառութեան պատճառով, այլ լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի բարեկամներուն պահանջներուն ընդառաջելու համար:
Նախկին վարչապետները Հարիրիէն պահանջեցին կառչած մնալ իր ազգային, սահմանադրական եւ վճռակամ կեցուածքին, որպէսզի կարենայ կատարել լիբանանցիներուն պահանջները` վերագտնելով լիբանանեան պետութիւնն ու անոր իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ կառչած մնալով քաղաքացիական անվտանգութեան եւ պահպանելով ընդհանուր ազատութիւնները, եւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեամբ մը լուծելու լիբանանեան ներքին եւ արտաքին հարցերը:
«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն սահմանադրութիւնը շրջանցած է` նպատակ ունենալով նշանակուած վարչապետը ամօթով ձգել, որպէսզի ան հրաժարի իր ստանձնած պատասխանատուութենէն», նշեցին նախկին վարչապետները:
Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Հուսամ Զաքի կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն ազգային շահերը գերադասելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու` արագ կերպով լուծելու համար քաղաքական տագնապն ու անել վիճակը, որ կը բարդացնէ լիբանանցիներուն տառապանքը:
Զաքի յայտնեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ շատ մտահոգ է` լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն միջեւ արձանագրուած տարակարծութիւններուն եւ բանավէճերուն առումով, նկատի ունենալով, որ բացայայտ է, թէ անոնք երկրին կացութիւնը աւելի եւս կը լարեն:
«Ապուլ Ղէյթ ընդգծեց, որ Արաբական լիկան պատրաստ է իրմէ պահանջուած որեւէ բան կատարելու` հակակշռելու համար Լիբանանի իրավիճակը եւ հասնելու այնպիսի տարազի մը, որուն հիման վրայ նշանակուած վարչապետը կարենայ կառավարութիւնը կազմել` առանց արգելակումի, եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան հիման վրայ: Անհրաժեշտ է կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ մասնագէտ նախարարներուն հմտութեամբ կարենայ Լիբանանը փրկել իր տագնապալի իրավիճակէն` գործադրելով լիբանանցիներուն ձգտումներն ու պահանջները ամբողջացնող բարեկարգումները», ըսաւ Զաքի:



