Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ողջունեց Ժոմպլաթի Կեցուածքը, Իսկ Հարիրիի Խօսքը Մերժելի Նկատեց` Իր Ձեւին Եւ Բովանդակութեան Մէջ

March 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր առցանց ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահութեան հետ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի վարուելակերպը անպատշաճ է:

Համախմբումը շեշտեց, որ Հարիրիի կողմէ հնչած այն խօսքը, թէ սահմանադրական առումով հանրապետութեան նախագահը չի մասնակցիր կառավարութեան կազմութեան, անճիշդ արտայայտութիւն է եւ մերժելի է` իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ:

«Հանրապետութեան նախագահին կողմէ հազիւ թէ ամբողջական կառավարական կազմ մը պահանջուեցաւ, Հարիրի պայքարելու մթնոլորտի մէջ Պաապտայէն հանդէս եկաւ կարդալով նախապէս պատրաստուած գրաւոր կեցուածք մը: Հանրապետութեան նախագահը իրաւունք ունի տեսնելու կառավարութեան լրիւ կազմը, նախարարութիւններուն բաժանումն ու անոր զօրակցող երեսփոխանական պլոքներուն պատկերը: Հարիրի առաջին օրէն իսկ կը զլանայ ամբողջական կազմ մը ներկայացնել հանրապետութեան նախագահին, ինչպէս կ՛ենթադրէ կարգն ու կանոնը: Յստակ էր, որ Հարիրի առաջին օրէն իսկ կը մերժէր կառավարութիւնը կազմել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց կազմել կառավարութիւն մը, որ Ազգային ուխտին կը համապատասխանէ, իսկ Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան կազմը հակասահմանադրական է եւ Ազգային ուխտին ու մասնագիտութիւններուն չի համապատասխաներ, այդ պատճառով ալ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մերժեց այդ կազմը, որ ներկայացուած էր 3 ամիս առաջ:

«Ի՞նչ է պատճառը, որ Հարիրի 20, 22 կամ 24 նախարարէ բաղկացած կառավարութիւն կը մերժէ կազմել, եթէ անիկա աւելի ատակ է` մասնագիտական եւ կարողութիւններու առումով: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ է, որ Հարիրի բոլոր համայնքներուն իրաւունք կու տայ իրենց նախարարները անուանելու, բացի քրիստոնեաներէն: Պատասխանը այն է, որ Հարիրի ինք կը փափաքի կառավարութեան մէկ երրորդը ունենալ եւ ոչ թէ այդ պահանջը վերագրել հանրապետութեան նախագահին, որ բնաւ նման պահանջ չէ ներկայացուցած: Ի՞նչ է պատճառը, որ Հարիրի կառավարութեան մէջ այս մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ ապահովել. արդեօք բարեկարգումը եւ նախ եւ առաջ իրաւական հաշուեքննութիւնը վաւերացնելո՞ւ համար», հարց տուաւ համախմբումը:

Համախմբումը գնահատեց խորհրդարանական յանձնախումբերուն կողմէ կատարուած օրէնսդրական աշխատանքը, յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարը ամրապնդող օրինագիծեր մշակելու եւ վաւերացնելու առումով:

Համախմբումը ողջունեց իւրացուած գումարները վերադարձնելու յատուկ օրինագիծի վաւերացումը` նկատել տալով, որ նման օրինագիծ աննախընթաց է` Լիբանանի օրէնսդրական կեանքին մէջ:

Միւս կողմէ, համախմբումը անդրադարձաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի արտայայտած բաց կեցուածքին եւ զայն գտաւ ողջունելի: Համախմբումը հաստատեց, որ պիտի ընդառաջէ Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան:

 

 

Նախորդը

Ելեւմտական Եւ Վարչական Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Իւրացուած Գումարները Վերադարձնելու Օրինագիծը

Յաջորդը

Լիբանանի Իրավիճակը Կը Շարունակէ Յամենալ, Իսկ Արաբական Լիկան Օժանդակութիւն Կ՛առաջարկէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.