Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ Թալլեթ Խայեաթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլայի եւ դեղորայքի արտադրութեան «Արուան» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ապտել Ռազզաք Եուսեֆի, ընկերութեան փոխտնօրէն Ռուայտա Տահամի եւ Տիապի աւագ խորհրդատու Խտըր Թալեպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրին դէմ ռուսական «Սփութնիք» պատուաստը Լիբանանի մէջ արտադրելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ Ռուսիոյ հետ կատարուելիք բանակցութիւններուն սկսելու կարելիութիւնները:
Տիապ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց այս հոլովոյթը սկսելու:



