 Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստին ընթացքին պլոքը հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է եւ միակն է, որ կրնայ փոխարինել տիրող ազգային քաոսը, որ կը սպառնայ բոլորին, եւ որուն կ՛անդրադառնայ լիբանանցի ժողովուրդը, երբ մտածէ ամբողջական փլուզումին վտանգներուն մասին:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց, որ պէտք է հեռացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող դժուարութիւնները, ինչքան ալ ցնցող ըլլան Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումին արդիւնքները:
«Երկրին իշխանութիւնը կը պահանջէ իշխանութեան պետերուն միջեւ թափանցիկ գործակցութիւն իրականացնել` երկարելու համար կառավարութիւններուն կեանքը: Արտաքին զօրակցութեան վստահիլը անբաւարար է` կառավարութեան երկարատեւ գործունէութեան համար: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` բոլորէն կը պահանջենք իշխանութեան օրէնքները յարգելու», կը նշէ պլոքին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Պլոքը ընդգծեց իր գոհունակութիւնը` Հըզպալլայի պատուիրակութեան Մոսկուա կատարած այցելութեան արդիւնքներուն առումով եւ շեշտեց, որ գոյացած են նորանոր նպատակներ նուաճելու հորիզոններ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան զսպելու` շրջանային հարցերուն միջամտելու եւ շրջանին մէջ քաղաքական մենատիրութիւն բանեցնելու ամերիկեան քայլերը:
 
			

