ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3851 վարակուածներ եւ մահացած 42 ուրիշներ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Արիտի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պահանջեց բոլոր երեսփոխաններուն անմիջական հրաժարականները` երկրին իշխանութիւնը վերակազմելու նպատակով:
ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի կոչ ուղղեց տնտեսական արտակարգ դրութիւն յայտարարելու եւ երկիրը երեք օրով փակելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ կայունացնել լիբանանեան դրամանիշը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի չզիջի` ընդգծելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պէտք է առիթը օգտագործէ` վերատեսութեան ենթարկելու իր խիղճը եւ լսելու քաղաքացիներուն ցաւը: Ան նշեց, որ նախագահ Աուն կառավարութեան մէջ մէկ երրորդի բաժինին կառչած կը մնայ` գոհացնելու համար իր փեսան եւ ապահովելու համար վերջինիս քաղաքական ասպարէզի ապագան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ երկրին ներկայ իշխանութիւնը վերջ մը դրած է Հարիրիի հետ յարաբերութեան: Ան ընդգծեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք չէ հրաժարի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի յայտնեց, որ քաղաքականութեան մէջ ոչինչ վերջնական է եւ ոչինչ վերջնականապէս խզուած կը նկատուի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ համաձայնութիւնը լիբանանեան տագնապի լուծման միակ ելքն է, սակայն անիկա երկար ժամանակի համար կարելի պիտի չըլլայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ յայտնեց, որ Ամալ շարժումը տակաւին կը զօրակցի ֆրանսական նախաձեռնութեան` աւելցնելով, որ Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ տարակարծութիւններ չկան կառավարութեան յատկանիշներուն առումով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան համաձայնութիւնն է հիմքը` զգուշացնելով մեծ պետութիւններու խաղերէն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապեր Ժապերը, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


