Լիբանանեան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց  ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Հայ մայրերու տօնին առիթով, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` երեքշաբթի, 18 մայիս 2021-ին այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տուն: ՔԱՀԼ-ի մուտքին պատուելի Սեպուհ Թերզեան եւ մամիկ մը ծաղկեփունջով դիմաւորեցին Վ. Օհանեան-Գէորգեանը: Ապա անոնք բարձրացան հիւրանոց, ուր նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպեցաւ մամիկներուն: Պատուելի Թերզեան բարի գալուստ մաղթեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, որ իր կարգին գնահատեց հաստատութեան մէջ տարուած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց...

Պքերքէի Մէջ.   «Կ՛ապրինք Քինախնդրութեան Մթնոլորտի Մէջ,  Մինչ Երկիրը Կարիքը Ունի Զիջումներու»  Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Պքերքէի Մէջ. «Կ՛ապրինք Քինախնդրութեան Մթնոլորտի Մէջ, Մինչ Երկիրը Կարիքը Ունի Զիջումներու» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենի: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ այսօրուան իրավիճակը կը պարտադրէ, որ համաձայնութիւններու ու երկխօսութեան փուլ մը ապրինք եւ ոչ թէ լարուածութեան ու պահանջներու կառչածութեան: «Կ՛ապրինք քինախնդրութեան մթնոլորտի մէջ, մինչ երկիրը կարիքը ունի զիջումներու», շեշտեց Ֆրենժիէ: Ան նշեց, որ իրենք մտահոգ են Լիբանանով`...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 600 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարը, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ղաժար մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ...

Վերջին Ժամ.  Լարուած Վիճակ` Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Շրջաններուն Մէջ

Վերջին Ժամ. Լարուած Վիճակ` Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Շրջաններուն Մէջ

Երէկ կէս գիշերէն առաջ տեղեկութիւններ հաղորդուեցան, որ հարաւային Լիբանանի Արքուպի շրջանէն հրթիռներ արձակուած են գրաւեալ Պաղեստինի հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ: Իսրայէլեան իշխանութիւնները օդային ահազանգեր միացուցած են այդ շրջաններուն մէջ: Իսրայէլեան բանակը անմիջապէս հակադարձած է հրթիռարձակումին եւ թնդանօթներէ 155 մմ հրթիռներով ռմբակոծած է սահմանային Քֆարշուպայի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Հըպպարիէ եւ Քֆարհամամ գիւղաքաղաքները: Իսրայէլ թելադրեց բանալ գրաւեալ Պաղեստինի հիւսիսային շրջաններու ապաստարանները:

Կառավարութեան Կազմութեան Յոյսերուն Հետ  Կորսուող Վառելանիւթին Վրայ  Կ՛աւելնայ Նաեւ Դեղորայքը

Կառավարութեան Կազմութեան Յոյսերուն Հետ Կորսուող Վառելանիւթին Վրայ Կ՛աւելնայ Նաեւ Դեղորայքը

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ մնալ մահաքունի մէջ` իրեն հետ վերացնելով յոյսի որեւէ նշոյլ, երկրին մէջ տիրող բազմաթիւ տագնապներուն ամէնէն գլխաւորին`  վառելանիւթի տագնապին կու գայ աւելնալու նաեւ դեղորայքինը: Քաղաքական առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` շնորհաւորելու համար զինք Ֆիթրի տօնին առիթով: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնելու...

Պէյրութի Մէջ.  Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը  Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

Պէյրութի Մէջ. Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Մարինա Սերենին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը իրեն համար առաջնահերթութիւն է` իբրեւ քաղաքական աշխատանք: Ան ըսաւ, որ հակառակ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին արգելակումներուն, ոչ մէկ ճիգ կը խնայուի...

Պուխարի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Պաղեստինեան Իշխանութեան Դեսպանին

Պուխարի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Պաղեստինեան Իշխանութեան Դեսպանին

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն լոյսին տակ: Պուխարի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կ՛ընդգծէ միջազգային ճիգերը մէկտեղելու կարեւորութիւնը` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները անմիջապէս կասեցնելու եւ Երուսաղէմի ինքնութեան չդպչելու նպատակով: Տապպուր իր կարգին բարձր գնահատեց Սէուտական...

Զօր. Աուն Իրաքեան Պետութենէն Ստացաւ  Լիբանանեան Բանակին Տրամադրուած  Նիւթական Օժանդակութիւնը

Զօր. Աուն Իրաքեան Պետութենէն Ստացաւ Լիբանանեան Բանակին Տրամադրուած Նիւթական Օժանդակութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Իրաքի կառավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութեան ամավարկի եւ ծրագիրներու ընդհանուր տնօրէն Քայս Մոհամետ Ալիի: Իրաքեան պատուիրակութիւնը լիբանանեան բանակին տրամադրեց նիւթական օժանդակութիւն մը` աջակցելու համար անոր դիմագրաւելու երկրին դէմ ծառացող տնտեսական ծանր տագնապը: Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի կառավարութեան, իրաքցիներուն եւ իրաքեան բանակին` իրենց այս նախաձեռնութեան համար, որ հարազատ...

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Ներկայ Փուլը  Ըլլայ Պաղեստինի Ազատագրումին  Առաջնորդող Փուլ Մը»

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Ներկայ Փուլը Ըլլայ Պաղեստինի Ազատագրումին Առաջնորդող Փուլ Մը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Պասիլ պաղեստինցի ժողովուրդին բացարձակ զօրակցութիւն յայտնեց` մաղթելով, որ ներկայ փուլը ըլլայ Պաղեստինի ազատագրումին առաջնորդող փուլ մը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան պետութեան հիմնադրութեան փուլը` Երուսաղէմը ունենալով իբրեւ Պաղեստինի պաշտօնական մայրաքաղաք: Պասիլ ցաւ յայտնեց այն բոլոր բռնարարքներուն համար, որոնք կը գործուին պաղեստինցիներուն դէմ` յոյս...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 200 վարակուածներ եւ մահացած 11 ուրիշներ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Երուսաղէմի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Հիւսէյնի եւ Աքսայի մզկիթի քարոզիչ շէյխ Աքրամա Սապրիի հետ: Տըրիան խստիւ դատապարտեց Աքսայի մզկիթին եւ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները` զանոնք նկատելով ահաբեկչութիւն: Ան զօրակցութիւն յայտնեց...

Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ  Կ՛արձանագրուին Բախումներ. Կը Նահատակուի Հըզպալլայի  Անդամ Երիտասարդ Մոհամետ Թահհան

Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ Կ՛արձանագրուին Բախումներ. Կը Նահատակուի Հըզպալլայի Անդամ Երիտասարդ Մոհամետ Թահհան

Հինգշաբթի, 13 մայիս 2021-ի երեկոյեան հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուեցան երեք հրթիռներ, որոնք ինկան Գալիլիոյ Շլոմի իսրայէլեան բնակեցման վայրին վրայ: Իսրայէլեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ հրթիռները արձակուած են Քլայլէ գիւղաքաղաքէն: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժեր Սուրի մէջ ձերբակալած են հրթիռները արձակողները, որոնք պաղեստինեան Ռաշիտիէ գաղթակայանէն եղած են: Սակայն լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը ոչ...

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Յղեց  Էմանուէլ Մաքրոնին

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Յղեց Էմանուէլ Մաքրոնին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն յանձնեց գրաւոր նամակ մը` ուղղուած Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Նամակը կ՛անդրադառնայ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Միւս կողմէ, նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, թէ «Մուսթաքպալ Ուեպ» կայքն ու «Լիբանանի ձայն» ռատիոկայանը անճիշդ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն հանրապետութեան...

Ֆիթրի Տօնին Առիթով.  Միւֆթի Տըրիան Մտավախութիւն Յայտնեց  Երկրին Մէջ Բռնկելիք Ժողովրդային  Ցասումի Եւ Բռնարարքներու Գծով

Ֆիթրի Տօնին Առիթով. Միւֆթի Տըրիան Մտավախութիւն Յայտնեց Երկրին Մէջ Բռնկելիք Ժողովրդային Ցասումի Եւ Բռնարարքներու Գծով

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ֆիթրի տօնին առիթով ողջունեց պաղեստինցիները, որոնք իրենց հայրենիքը կը պաշտպանեն` մղելով դժուար գոյապայքար մը: Իր խօսքը ուղղելով արաբներուն եւ իսլամներուն` միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Երուսաղէմը կը մնայ արաբական եւ իսլամական միասնականութեան հասցէն` աւելցնելով, որ Պաղեստինեան դատը արաբ ժողովուրդին համար կեդրոնական դատ է: Ան խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Աքսայի մզկիթին մէջ գործուած բռնարարքները` զանոնք...

Հարիրի Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց  Նախարարին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան  Իրադարձութիւնները

Հարիրի Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան տագնապալի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու Հարիրիի ճիգերը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը տնտեսական իր ծանր կացութենէն դուրս բերել: Շուքրի ընդգծեց, որ Եգիպտոս յանձնառու է Հարիրիի եւ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն հետ գործակցելու` լիբանանցիները փրկելու համար շարք մը հարցերէ, եթէ կարելի չըլլայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 307 վարակուածներ եւ մահացած 18 ուրիշներ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն վերսկսելու կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն` աւելցնելով, որ ներկայ սառած իրավիճակը լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայրենիքին դէմ գործուած ոճիր է: Ան զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցիներուն` միաժամանակ կոչ ուղղելով Լիբանանը չվերածելու Իսրայէլի...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Ֆիթրի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 14 եւ շաբաթ, 15 մայիս 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 17 մայիս 2021-ին:  

Նախագահ Աուն Ֆահմիի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Իրավիճակն Ու Լիբանան-Սուրիա  Սահմանային Անցքերուն Կացութիւնը

Նախագահ Աուն Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրավիճակն Ու Լիբանան-Սուրիա Սահմանային Անցքերուն Կացութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու Լիբանան-Սուրիա սահմանային անցքերուն կացութիւնը: Ֆահմի նախագահ Աունին ներկայացուց սահմանային շրջաններ իր կատարած այցելութեանց արդիւնքները, ինչպէս նաեւ սահմաններուն վրայ հսկողութիւնը ամրապնդելու իմաստով որդեգրուած նոր քայլերը, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ զսպել մաքսանենգումը: Ֆահմի իր...

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Ազգային Ջանքերը  Միասնականացնելու` Փրկելու Համար Լիբանանը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Ազգային Ջանքերը Միասնականացնելու` Փրկելու Համար Լիբանանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ ինք Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին, պաղեստինեան ինթիֆատային նեցուկ կանգնելուն, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները դատապարտելուն եւ նահատակուած պաղեստինցիներու ընտանիքներուն զօրակցելուն համար: Պըրրի շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ անոնց յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները` կոչ ուղղելով, որ անոնք իրենց տեսակէտներն ու ազգային անկեղծ ջանքերը միասնականացնեն` փրկելու համար Լիբանանը, ինչպէս նաեւ...

Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց  Սահմանագծումի Արդիւնքները

Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Արդիւնքները

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան ծովային սահմանագծումին վերաբերող բանակցութիւններուն արդիւնքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն զօրակցելու...

Ֆիթրի Տօնին Առիթով   Հարիրի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

Ֆիթրի Տօնին Առիթով Հարիրի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

Ֆիթրի տօնին առիթով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորեց լիբանանցիները ընդհանրապէս, իսկ իսլամները յատկապէս: Ան մաղթեց, որ բոլորը իմանան Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ փուլին վտանգները` կասեցնելու համար երկրին փլուզումը եւ Լիբանանը վերածելու համար գիտութեան փարոսի: Այս առիթով ան ողջունեց նաեւ պաղեստինցիները` գնահատելով անոնց դիմադրութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց իրաւունքներն ու սրբութիւնները պաշտպանելու կամքը: Նշենք, որ Հարիրի մեկնեցաւ Ապու Տապի` Ֆիթրի տօնը իր...

Page 415 of 988 1 … 414 415 416 … 988

Արխիւներ