Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան տագնապալի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու Հարիրիի ճիգերը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը տնտեսական իր ծանր կացութենէն դուրս բերել:
Շուքրի ընդգծեց, որ Եգիպտոս յանձնառու է Հարիրիի եւ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն հետ գործակցելու` լիբանանցիները փրկելու համար շարք մը հարցերէ, եթէ կարելի չըլլայ կարողութիւններ ունեցող մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմել:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուած զինուորական զարգացումներն ու անոնց վերջ մը դնելու Գահիրէի ջանքերը: