Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարքը Կրիոյի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Կրիօ Ռայի պատրիարքին փոխանցեց բերանացի նամակ մը` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի կողմէ: Լը Տըրիանի յղած նամակին բովանդակութիւնը այն էր, որ Ֆրանսա բարձր կը գնահատէ Ռայի պատրիարքին ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները` Լիբանանը փլուզումէ փրկելու ի խնդիր: Ռայի պատրիարքը...

Մաժզուպ. «Պետական Եւ Սեփական Դպրոցներուն  Վերամուտը Յետաձգուեցաւ 12 Հոկտեմբեր 2020-ին»

Մաժզուպ Ճշդեց Դպրոցներուն Եւ Արհեստից Վարժարաններուն Արձակուրդը

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ Ֆիթրի տօնին առիթով Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցներն ու արհեստից վարժարանները արձակուրդի պիտի սկսին այսօր` հինգշաբթի, 13 մայիս 2021-էն մինչեւ կիրակի, 16 մայիս 2021-ի գիշեր: Ֆիթրի տօնին առիթով Մաժզուպ շնորհաւորեց կրթական մարզին մէջ գործող բոլոր ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները` պետական թէ սեփական ոլորտներուն պարագային, բարձր գնահատելով...

Լիբանանեան Բանակը Կը Ձերբակալէ Վառելանիւթ  Եւ Ալիւր Մաքսանենգող 10 Յանցագործներ

Լիբանանեան Բանակը Կը Ձերբակալէ Վառելանիւթ Եւ Ալիւր Մաքսանենգող 10 Յանցագործներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 11 մայիս 2021-ին, բանակը Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալեց վառելանիւթ եւ ալիւր մաքսանենգող 10 յանցագործներ, որոնցմէ 8-ն լիբանանցիներ են, իսկ 2-ը` սուրիացիներ: Անոնք բեռնատարներուն վրայ բեռցուցած էին 4200 լիթր պենզին, 8000 լիթր մազութ եւ 13 թոն ալիւր: Բանակը հետաքննութիւն բացաւ եւ սկսաւ հարցաքննել ձերբակալեալները, ինչպէս նաեւ գրաւուած իրերը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 703 վարակուածներ եւ մահացած 22 ուրիշներ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան ամբողջութեամբ կառչած մնալու կարեւորութիւնը: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան նախագահ Ուաէլ Հասանիէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Հանդիպումին ներկաները անհրաժեշտ նկատեցին կառավարութեան կազմութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ երկիրը կարենայ դուրս բերել իր տնտեսական եւ ընկերային...

Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»

Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ պաղեստինեան իրադարձութիւններուն,  յատկապէս Աքսայի մզկիթին դէմ յարձակումին եւ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին միջամտելու` արգիլելու համար Իսրայէլի բռնարարքները: Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ առանց արդարութեան խաղաղութիւն չկայ, ինչպէս որ առանց իրաւունքները յարգելու արդարութիւն չկայ: Նախագահ Աուն ողջունեց պաղեստինցի ժողովուրդին գոյատեւումը` հաստատելով, որ ուժի գործադրութեան, իրաւունքներու ոտնահարումի եւ...

Տնտեսութեան Նախարարութեան  Պիտի Տրամադրուին Յաւելեալ Քննիչներ

Տնտեսութեան Նախարարութեան Պիտի Տրամադրուին Յաւելեալ Քննիչներ

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական հարցերու եւ գիներու քննութեան յատուկ խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Զէյնա Աքըր, Ռաուլ Նաամէ, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Համատ Հասան, Ապպաս Մուրթատա եւ վարչապետի աւագ խորհրդական Խտըր Թալեպ: Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ տնտեսութեան նախարարութեան յաւելեալ քննիչներ տրամադրել` զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններուն դերակատարութիւնը աշխուժացնել` գիներու քննչութիւնը կատարելու համար: Միւս...

Հըզպալլայի Մօտիկ 7 Լիբանանցիներու Դէմ  Պատժամիջոցներ Որդեգրուեցան

Հըզպալլայի Մօտիկ 7 Լիբանանցիներու Դէմ Պատժամիջոցներ Որդեգրուեցան

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ պատժամիջոցներ որդեգրեց Հըզպալլայի մօտիկ 7 լիբանանցի անձնաւորութիւններու դէմ: Անոնք են` Իզզաթ Եուսեֆ Աքար, Իպրահիմ Ալի Տահեր, Ապպաս Հասան Ղարիպ, Մուսթաֆա Հապիպ Հարպ, Հասան Շհատէ Օսման, Հայտար Մահմուտ Սպէյթի եւ Ահմետ Մոհամետ Եազպեք: Միւս կողմէ, նշենք, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մեր վկայած տագնապը շինծու է եւ անոր...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 105.430-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1163 Պարագաներ

Ֆիթրի Տօնին Առիթով Երկիրը Փակ Կը Մնայ Երկու Օրուան Համար` Սկսեալ Տօնին Ա. Օրէն

Ֆիթրի տօնին առիթով երկիրը երկու օրով  փակ պիտի մնայ երկու օրուան համար` սկսեալ տօնին Ա. օրէն: Երկրին ամբողջական փակումը կը սկսի տուեալ օրուան` հինգշաբթի, 13 մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 5:00-էն: Այս ընթացքին կրնան երթեւեկել նախապէս յայտարարուած յատուկ մարզերու անդամները: Նմանապէս, քաղաքացիներ կրնան երթեւեկել այս գծով հաստատուած ելեկտրոնային յատուկ հարթակի «հաւանութիւնը» ստանալէ ետք: Լիբանանի մէջ աղէտները հակակշիռի տակ առնելու ազգային խորհուրդի...

Պասիլ. «Նախքան Ամբողջական Ծրագիրի  Ներկայացումը, Վաւերացումն Ու Ֆինանսաւորումը`  Նպաստը Պէտք Չէ Կասեցնել»

Պասիլ. «Նախքան Ամբողջական Ծրագիրի Ներկայացումը, Վաւերացումն Ու Ֆինանսաւորումը` Նպաստը Պէտք Չէ Կասեցնել»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր կառավարութենէն պահանջած են նպաստը աստիճանաբար հասցէագրուած կերպով կատարելու որոշում տալ, ինչպէս նաեւ այդ որոշումին առումով ֆինանսաւորում ապահովել: Պասիլ շեշտեց, որ առեւտրականներուն ու մաքսանենգներուն պէտք է արգիլել շահագործել, «սակայն նախքան ամբողջական ծրագիրի ներկայացումը, վաւերացումն ու ֆինանսաւորումը` նպաստը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 544 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումներն ու Լիբանան-Եգիպտոս երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալաուի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ...

Ֆահմի Քապպարայի Հետ Քննարկեց  Սէուտական Իշխանութիւններուն Հետ  Խորհրդակցութիւններուն Արդիւնքները

Ֆահմի Քապպարայի Հետ Քննարկեց Սէուտական Իշխանութիւններուն Հետ Խորհրդակցութիւններուն Արդիւնքները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆաուզի Քապպարան, որուն հետ քննարկեց սէուտական իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները` Լիբանանէն երկրագործական արտադրութիւններու ներածումը կասեցնելու անոնց որոշումին լոյսին տակ: Նշենք, որ Ֆահմիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ահմետ Ֆաթֆաթ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հետ Ֆահմիի կատարած...

Լիբանանի Տարածքին Գործող Սեփական  Հիւանդանոցները  Պիտի Դադրին Հիւանդներ Ընդունելէ

Լիբանանի Տարածքին Գործող Սեփական Հիւանդանոցները Պիտի Դադրին Հիւանդներ Ընդունելէ

Մինչ Լիբանանը կը գտնուի կատարեալ անորոշութեան մէջ, երէկ Լիբանանի մէջ գործող սեփական հիւանդանոցներու սենտիքան յայտարարեց, որ Լիբանանի տարածքին գործող սեփական բոլոր հիւանդանոցները պիտի դադրին հիւանդները ընդունելէ` մերժելով փոքրիկն Էլլա Թաննուսի հարցով արձակուած դատական վճիռը: Հիւանդանոցներու սենտիքան շեշտեց, որ հիւանդանոցները իրենց արտաքին գրասենեակներուն մէջ հիւանդները ընդունելէ պիտի դադրին, բացի շտապ պարագաներէն, ինչպէս նաեւ երիկամները լուացող եւ քիմիական դարմանում ստացող պարագաներէն: Սեփական...

Մաշնուք. «48 Ժամ Ետք Կառավարական  Կայունութիւնը Պիտի Աւելնայ  Ապահովական Կայունութեան Վրայ»

«Խումբ Մը Ընկերներու Հետ Կը Ջանամ Հիմնել «Գ. Անկախութեան Շարժումը» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ խումբ մը ընկերներու հետ, որոնք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի համակիրներէն են, կը ջանայ հիմնել «Գ. անկախութեան շարժումը»: Մաշնուք շեշտեց, որ «Գ. անկախութեան շարժումը» պիտի ըլլայ քաղաքական ընդդիմադիր լուրջ ճակատ մը, որուն մաս պիտի կազմեն բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, եւ որուն պարտականութիւնն ու հռչակագիրին մէջ ամրագրուած նպատակները պիտի ըլլան յանգիլ լիբանանեան քաղաքական որոշումի, որ Լիբանանը Իրանի քաղաքական բռնագրաւումէն...

Սամի Ժեմայէլ. «Պէտք Է Կազմել Փոխանցման  Շրջանի Կառավարութիւն Մը,  Որ Կը Կասեցնէ Երկրին Փլուզումը»

Սամի Ժեմայէլ. «Պէտք Է Կազմել Փոխանցման Շրջանի Կառավարութիւն Մը, Որ Կը Կասեցնէ Երկրին Փլուզումը»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այդ կառավարութիւնը պէտք է կասեցնէ երկրին փլուզումը: Ժեմայէլ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին փոփոխութեան հետ քայլ պահելու եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու դէպի նոր Լիբանան ժողովրդավարական ոստումը: «17 հոկտեմբերի յեղափոխութենէն 19 ամիս ետք, Պէյրութի պայթումէն եւ Հասսան Տիապի կառավարութեան հրաժարականէն 9 ամիս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 302 վարակուածներ եւ մահացած 21 ուրիշներ: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ ընդունեց Պէյրութի մէջ Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի նախագահ Քրիսթոֆ Մարթինը, որուն այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունէր: Ուեհպէ Մարթինին յաջողութիւն մաղթեց` դրուատելով Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչին դերակատարութիւնը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի...

Լիբանանը Մութի Մատնելու Եւ Նպաստը Կասեցնելու Հաւանականութիւնները Խուճապահար Կը Դարձնեն Քաղաքացիները

Լիբանանը Մութի Մատնելու Եւ Նպաստը Կասեցնելու Հաւանականութիւնները Խուճապահար Կը Դարձնեն Քաղաքացիները

Պետութեան կողմէ քաղաքացիներուն տրամադրուած նպաստի կասեցման հաւանականութիւնը կը մնայ լիբանանցիներուն մօտ ինքզինք պարտադրող ամէնէն ծանր նիւթը: Վառելանիւթի տագնապին եւ երկիրը մութի մատնելու հաւանականութիւնները իրենց կարգին քաղաքացիին մօտ ստեղծած են խուճապ եւ անհանգստութիւն: Շարունակուող անորոշութեան եւ պետութեան բացակայութեան զուգահեռ, դեղորայքի եւ բուժական այլ միջոցներու, ինչպէս նաեւ առողջապահական մարզի օգտագործած սարքերուն եւ պիտոյքներուն նպաստի կասեցման տարբերակը նաեւ առկայ էր լիբանանցիներուն մօտ, սակայն...

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Պայտընը

Նախագահ Աուն Կ’ողջունէ Բուժաշխատողներն Ու Նահատակները` Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Օրուան Առիթով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ողջունեց բուժաշխատողները, կամաւորներն ու նահատակները` Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի օրուան առիթով: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց անոնց քաջութիւնը` հաստատելով, որ անոնք միշտ առաջնագիծի վրայ են եւ մարդասիրական իրենց առաքելութեան հաւատարիմ կը շարունակեն իրենց աշխատանքները` որեւէ տագնապի, փորձանքի կամ բախումի ու առողջական հարցերու պարագային: «Դուք անկախ կերպով կը գործէք` նպատակ ունենալով հասնիլ բոլոր անոնց, որոնք...

Հըզպալլա Սահմանային Իր Պատրաստուածութիւնը Կը Բարձրացնէ Հարիւր Առ Հարիւրի

Հըզպալլա Սահմանային Իր Պատրաստուածութիւնը Կը Բարձրացնէ Հարիւր Առ Հարիւրի

Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ` երէկ սկսած իսրայէլեան ռազմափորձին իբրեւ նախազգուշութիւն Հըզպալլա սահմանային իր պատրաստուածութիւնը բարձրացուց հարիւր առ հարիւրի: Տեղեկատուական վստահելի աղբիւրներ հաստատեցին, որ յուլիսեան պատերազմէն ի վեր Հըզպալլա առաջին անգամ ըլլալով է, որ այսքան կազմ ու պատրաստ ներկայութիւն կը դառնայ սահմանամերձ շրջանին մէջ` ընդգծելով, որ իսրայէլեան ուժերը կը դիմեն 2006-ի յուլիսեան պատերազմը կանխած նոյն քայլերուն: Միւս կողմէ, Երուսաղէմի օրուան...

«Լիբանան Իր Արդի Պատմութեան Ամէնէն Տագնապալի Օրերը Կ’ապրի` Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Առումով»   Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

«Լիբանան Իր Արդի Պատմութեան Ամէնէն Տագնապալի Օրերը Կ’ապրի` Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Առումով» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչումին առիթով Հայաստան կատարած իր աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եգիպտական «Մասրի Ալ Եաում» օրաթերթին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ Լիբանան չի մոռնար Եգիպտոսի դերակատարութիւնը` աջակցելու եւ օժանդակելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած լիբանանցիներուն: Եգիպտոսի եւ Լիբանանի միջեւ մարմնակրթութեան մարզի գործակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ...

Page 416 of 988 1 … 415 416 417 … 988

Արխիւներ