Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 200 վարակուածներ եւ մահացած 11 ուրիշներ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Երուսաղէմի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Հիւսէյնի եւ Աքսայի մզկիթի քարոզիչ շէյխ Աքրամա Սապրիի հետ: Տըրիան խստիւ դատապարտեց Աքսայի մզկիթին եւ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները` զանոնք նկատելով ահաբեկչութիւն: Ան զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի ժողովուրդին` ընդգծելով, որ իր հողը պաշտպանող պաղեստինցիին նեցուկ կանգնիլը կրօնական պարտականութիւն է:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց ի նպաստ պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցական ընդարձակ արշաւ մը կազմակերպելու` ի խնդիր Պաղեստինեան արդար դատի պաշտպանութեան եւ պաղեստինեան բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու պաղեստինցիներու իրաւունքին սատարելու:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ոստիկանութեան քաթարեան եւ արաբական համադաշնակցութիւններու նախագահ գնդապետ Խալետ պըն Համատ Աթիէն: Ֆահմի Աթիէէն ստացաւ յուշանուէր մը` առ ի գնահատանք Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իր ջանքերուն:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ժամիլ Հայէքի: Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ժամանակը հասած է, որ լիբանանեան կարգ մը քաղաքական ուժեր հրաժարին իրենց ներկայացուցած հսկայական պահանջներէն եւ նեղլիկ շահերէն, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հարցը պէտք է լուծուի կառուցողական երկխօսութեամբ: Ան աւելցուց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առաջադրուած նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ յայտնեց, որ երկիրը պէտք է փրկել, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային փլուզումը պէտք է կասեցնել, այլապէս Լիբանան կը գտնուի քաոսի սեմին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլը պէտք չէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնայ, առանց զգալու, որ իր ապահովութիւնը եւս սպառնալիքի տակ կը գտնուի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքը երէկ բողոքագիր մը յղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Բողոքագիրը կը վերաբերի Լիբանանի ցամաքային, ծովային եւ օդային սահմաններէն կատարուող թմրեցուցիչի մաքսանենգումին: Հզօր հանրապետութիւն պլոքը իր բողոքագիրով կոչ ուղղեց ճշդելու քաղաքական, վարչական եւ ապահովական այն պատասխանատուութիւնները, որոնք կ՛օժանդակեն Լիբանանը այս իրավիճակին հասցնելու:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար հարցաքննեց Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար Պասեմ Քայսին, իսկ «Ռուսոս» նաւու պատասխանատու Մուսթաֆա Պաղտատիի հարցաքննութիւնը առկախուեցաւ` անոր հիւանդանոց գտնուելուն պատճառով: Կը նախատեսուի, որ այս շաբթուան ընթացքին դատաւոր Պիթար հարցաքննէ նաեւ շարք մը այլ վկաներ:

Նախորդը

Պլինքըն Իսրայէլն ու Պաղեստինցիները Կը Յորդորէ Պաշտպանելու Քաղաքայինները

Յաջորդը

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Ներկայ Փուլը Ըլլայ Պաղեստինի Ազատագրումին Առաջնորդող Փուլ Մը»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?