ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 600 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարը, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի ոլորտին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ղաժար մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան չգոյութեան պատճառով լուրջ բացթողումներ կ՛արձանագրուին բոլոր մարզերուն մէջ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի երէկ նախագահեց երեսփոխանական յանձնախումբի նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան հաստատեց, որ բժշկական իմաստով Լիբանան ամբողջական փլուզումի մատնուած է` աւելցնելով, որ դեղորայք ապահովելու իմաստով կառավարութիւնը պէտք է միջամտութիւն կատարէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական լարուածութիւնը կ՛ուշացնէ կառավարութեան կազմութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Լիբանանի վկայած ապահովական խախուտ իրավիճակը կարելի չէ լուծել անվտանգութեան ամրապնդումով, այլ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գտնուող զէնքը հակակշռելու:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր երէկ երեկոյեան Մանարայի բնակեցման վայրին մօտակայքը գտնուող սահմանամերձ շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին դէմ կրակ բացին, իսկ ուշ գիշերին անոնք Մթըլլէի բնակեցման վայրի հանդիպակաց շրջանին` Մերժահիունի վերեւ լուսաւոր ռումբեր արձակեցին:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան ուժեր նախանցեալ գիշեր Հապպարիէ եւ Քֆարշուպա գիւղաքաղաքներուն վրայ արձակած են 10 հրթիռներ եւ 7 լուսաւոր ռումբեր:


