Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիթրի Տօնին Առիթով. Միւֆթի Տըրիան Մտավախութիւն Յայտնեց Երկրին Մէջ Բռնկելիք Ժողովրդային Ցասումի Եւ Բռնարարքներու Գծով

Մայիս 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ֆիթրի տօնին առիթով ողջունեց պաղեստինցիները, որոնք իրենց հայրենիքը կը պաշտպանեն` մղելով դժուար գոյապայքար մը:

Իր խօսքը ուղղելով արաբներուն եւ իսլամներուն` միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Երուսաղէմը կը մնայ արաբական եւ իսլամական միասնականութեան հասցէն` աւելցնելով, որ Պաղեստինեան դատը արաբ ժողովուրդին համար կեդրոնական դատ է:

Ան խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Աքսայի մզկիթին մէջ գործուած բռնարարքները` զանոնք նկատելով մարդու իրաւունքներու ոտնահարում, որմէ կը տուժեն աշխարհի ամբողջ իսլամներն ու քրիստոնեաները: «Այդ բռնարարքները կը նկատուին կանխամտածուած ու կազմակերպուած ահաբեկչութիւն, որուն ի տես աշխարհը լուռ պէտք չէ մնայ», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով Արաբական լիկային եւ Ապահովութեան խորհուրդին ամէն ջանք ի գործ դնելու` կասեցնելու համար պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բարբարոսական բռնարարքները:

Լիբանանեան առումով միւֆթի Տըրիան մտավախութիւն յայտնեց երկրին մէջ բռնկելիք ժողովրդային ցասումի ու բռնարարքներու գծով, որ կրնայ իր կարգին բռնկեցնել անօթիներու յեղափոխութիւնը: «Այդ պարագային զղջումը անօգուտ կը դառնայ», ըսաւ ան:

Հանրապետութեան միւֆթին հաստատեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ պարզուած խոչընդոտները տակաւին առկայ են եւ կազմակերպուած ձեւով կը շարունակուին:

Անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ լիբանանեան հանրային կարծիքը տակաւին կը սպասէ հետաքննութեան արդիւնքներուն, որոնց հրապարակման յապաղումը հայրենիքի կեանքին եւ ընթացքին մէջ ամօթի կնիք է:

Իր պատգամը ուղղելէ ետք միւֆթի Տըրիան այցելեց Մոհամետ Ամին մզկիթին շրջափակը գտնուող նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հինգշաբթի առաւօտեան այցելեց Տար Ֆաթուա, ուրկէ ան միւֆթի Տըրիանի ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթ:

Ֆիթրի տօնին առիթով Տիապ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն մաղթեց, որ այդ տօնը ըլլայ Լիբանանը եւ լիբանանցիները իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններէն դուրս բերող ելք մը, ինչպէս նաեւ ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին լիբանանցի ղեկավարները ազգային շահերը կը գերադասեն անձնականէն եւ նոր կառավարութիւն մը կը կազմեն:

 

 

Նախորդը

Հարիրի Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Յղեց Էմանուէլ Մաքրոնին

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?