Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրավիճակն Ու Լիբանան-Սուրիա Սահմանային Անցքերուն Կացութիւնը

May 13, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու Լիբանան-Սուրիա սահմանային անցքերուն կացութիւնը:

Ֆահմի նախագահ Աունին ներկայացուց սահմանային շրջաններ իր կատարած այցելութեանց արդիւնքները, ինչպէս նաեւ սահմաններուն վրայ հսկողութիւնը ամրապնդելու իմաստով որդեգրուած նոր քայլերը, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ զսպել մաքսանենգումը:

Ֆահմի իր այցելութիւններուն մասին աւելի ուշ պիտի պատրաստէ տեղեկագիր մը` ներկայացնելու համար սահմանային իրավիճակին ճշմարտութիւնը եւ զայն բարելաւելու իմաստով տրուելիք առաջարկները:

Ֆահմի նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ նուռի սնտուկներուն մէջ Ժետտա մաքսանենգուած թմրանիւթերուն մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, որոնք կը միտին լուծել այս հարցը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ լիբանանեան երկրագործական արտադրութիւններուն սէուտական շուկայ ներածումը կասեցնելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումին:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէն, որուն ընկերակցեցան պանդոկներու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքարը, ճաշարաններու, սրճարաններու, անուշավաճառներու եւ փապերու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամին, զբօսաշրջական հաստատութիւններու ընդհանուր քարտուղար Ժան Պէյրութին եւ Պէյրութի ու հարաւային Լեռնալիբանանի ճաշարաններու սենտիքայի նախագահ Իպրահիմ Զէյտէն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան զբօսաշրջութեան մարզին դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի արդիւնաբերական տնտեսութեան մէջ զբօսաշրջութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական հարուստ վայրերը, որոնք կը գրաւեն ամբողջ աշխարհի զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Լիբանանի տարածքին զբօսաշրջութիւնը աշխուժացնելու նպատակով:

Նախագահ Աուն ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին դրամական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հատուցումի քարտեր տրամադրելու եւ քաղաքացիներուն տրամադրուած նպաստին վերջ տալու թղթածրարները:

Աւելի ուշ, նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց կարգ մը լրատուամիջոցներուն հաղորդած այն լուրերը, թէ նախագահ Աուն եւ Ռիատ Սալամէ իրենց հանդիպումին ընթացքին «Քարտ Հասան» միութեան հարցը քննարկած են:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա: Քննարկուեցան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու տնտեսական-ելեւմտական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորեց զանոնք` հաստատելով, որ անոնց հանդէպ կատարեալ յարգանք ունի եւ ամբողջութեամբ կը զօրակցի անոնց իրաւունքներուն:

Նախորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Ազգային Ջանքերը Միասնականացնելու` Փրկելու Համար Լիբանանը

Յաջորդը

«Ազրպէյճանին Կը Յորդորենք Համագործակցելու ՄԻԵԴ-ի Հետ` Հետաքննելու Համար Հայ Գերիներու Նկատմամբ Ոչ Մարդկային Վերաբերմունքի Մասին Հաղորդումներու Իսկութիւնը» Կ՛ըսէ «Ֆրիտըմ Հաուզ»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.