Լիբանանեան

Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերու  Նախապատրաստական Քայլերու Ծիրին Մէջ.   Վ. Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ  Փիեռ Ժալըխի Եւ Հաշեմ Հայտարի Հետ

Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերու Նախապատրաստական Քայլերու Ծիրին Մէջ. Վ. Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Փիեռ Ժալըխի Եւ Հաշեմ Հայտարի Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ճափոնի մէջ Լիբանանի դեսպան Նիտալ Եհիայի եւ Լիբանանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ տոքթ. Փիեռ Ժալըխի հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին Լիբանանի մասնակցութիւնը Թոքիոյի մէջ նախատեսուող ողիմպիական մարզախաղերուն: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան նաեւ առնչակից վարչական ու առողջապահական քայլերուն մանրամասնութեանց վրայ: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նմանապէս տեսակցեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 5951-ի, Մահուան Պարագաներունը` 70-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2042-ի

Պատուաստումի Արդիւնքներիու Լոյսին Տակ. Համավարակի Հետեւանքները Զգալի Նահանջ Կ՛արձանագրեն Լիբանանի Մէջ

Վերջին շաբաթներուն պատուաստումի շեշտուած քայլերու լոյսին տակ «Քորոնա» համավարակի հետեւանքները զգալի նահանջ կ՛արձանագրեն Լիբանանի մէջ: Այս գծով վերջին 24 ժամերուն 6 մահ եւ 465 վարակումի պարագայ արձանագրուած է Լիբանանի մէջ: Այս իմաստով միջազգային հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, «Մոտերնա» եւ «Ֆայզըր» պատուաաստները կարող են յաղթահարել նաեւ «Քորոնա» ժահրի հնդկական տեսակը, որ նոյնքան վտանգաւոր կը թուի ըլլալ: Միւս կողմէ, համավարակի դէմ պայքարի պատկան...

Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Նախագահական Ընտրութիւններուն  Խանդավառութեամբ Մասնակցող Սուրիացի  Քաղաքացիները Խոշտանգումի Ենթարկուեցան

Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Նախագահական Ընտրութիւններուն Խանդավառութեամբ Մասնակցող Սուրիացի Քաղաքացիները Խոշտանգումի Ենթարկուեցան

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցող սուրիացի քաղաքացիները, որոնք խանդավառութեամբ կ՛ուղղուէին դէպի սուրիական դեսպանատուն` կատարելու համար քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը, ենթարկուեցան խոշտանգումի: Փոխադրատարներով դէպի դեսպանատուն առաջնորդուող սուրիացի քաղաքացիները, որոնք կը կրէին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի լուսանկարներն ու Սուրիոյ դրօշները, յարձակումի ենթարկուեցան լիբանանցի երիտասարդներու կողմէ, որոնք շատ հաւանաբար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներ էին: Հիմնական միջադէպերը պատահեցան Եսուհ Մալաքի մայրուղիին եւ Սեսին հրապարակին...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Դատապարտեց  Սէուտական Արաբիոյ Հասցէին  Կատարուած Արտայայտութիւնները

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Հասցէին Կատարուած Արտայայտութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կապ հաստատեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ եւ դատապարտեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Սէուտական Արաբիոյ հասցէին ունեցած արտայայտութիւնները: Յ. Բագրատունի շեշտեց Լիբանան-Սէուտական Արաբիա բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` դրուատելով նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին հանդէպ այդ երկրին ունեցած օգտակարութիւնը: Դեսպանատունը յատուկ գրութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Բագրատունիին եւ հաստատեց...

Նախագահ Աուն Դրուատեց Լիբանանեան Տագնապը  Մեղմացնելու Իմաստով Միջազգային  Կարմիր Խաչի Դերակատարութիւնը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Լիբանանեան Տագնապը Մեղմացնելու Իմաստով Միջազգային Կարմիր Խաչի Դերակատարութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջազգային կարմիր խաչի պատուիրակութեան նախագահ Քրիսթոֆ Մարթինը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանեան կարմիր խաչի նախագահ Անթուան Զողպի: Նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանեան տագնապը մեղմացնելու իմաստով Միջազգային կարմիր խաչի դերակատարութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով նաեւ կազմակերպութեան դերակատարութիւնը այն երկիրներուն մէջ, ուր ապահովական անկայունութիւն գոյութիւն ունի: Ան բարձր գնահատեց...

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ  Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի կարդացուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանին յղուած նամակը, որ կը վերաբերի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յապաղումին: Միւս կողմէ, երէկ Այն Թինէի մէջ Պըրրի նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որուն ընթացքին...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց  Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Հայ մայրերու տօնին առիթով, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` հինգշաբթի, 20 մայիս 2021-ին այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, այցելեց բուժարանին մէջ ապաստանող մամիկներուն ու պապիկներուն: Ազունիէի Ազգային բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանի եւ խնամակալութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց Ազունիէի Ազգային բուժարանին առաքելութեան կարեւորութիւնը...

Ասմար Այցելեց Վարչապետի  Պաշտօնակատար Տիապի

Ասմար Այցելեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Տիապի

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներն ու անոնց հետեւանքները: Ասմար հաստատեց, որ անցեալ դեկտեմբերին համաձայնութիւն գոյացած է քաղաքացիներուն տրամադրուած նպաստը չվերացնելու, նախքան այլընտրանքային ծրագիրներու մշակումը, ինչպէս` հատուցման քարտի դրութիւն մը ստեղծելու կարելիութիւնը: Ասմար յայտնեց, որ Տիապի կողմէ այս կեցուածքը յարգանքի արժանի...

Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի  Տեղեկատուական Գրասենեակը  Հրապարակեց Հաղորդագրութիւն Մը

Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի Տեղեկատուական Գրասենեակը Հրապարակեց Հաղորդագրութիւն Մը

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը ամերիկեան տոլար պիտի վաճառէ «Sayrafa» ելեկտրոնային հարթակին մաս կազմող դրամատուներուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ ամերիկեան մէկ տոլարին սակը համազօր պիտի ըլլայ 12,000 լ. ոսկիի: Այս ծառայութենէն օգտուիլ փափաքող դրամատուները իրենց դիմումները կրնան արձանագրել այսօրուընէ` ուրբաթ, 21 մայիս 2021-էն սկսեալ մինչեւ երեքշաբթի, 25 մայիս 2021:...

Աքըր Այցելեց Ժոմպլաթի Եւ Լոնկտընի Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Աքըր Այցելեց Ժոմպլաթի Եւ Լոնկտընի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Աքըր նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ կողմէ Լիբանանին մատուցուած օժանդակութիւնները: Նշենք, որ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նիստ.  «Երկրին Տնտեսական Վատ Կացութիւնը Կրնայ  Վտանգաւոր Դառնալ, Եթէ Լիբանանեան  Պետութիւնը Չմիջամտէ»   Շեշտեց Մուսաուի

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Պէտք Է Բոլորը Շարունակեն Իրենց Ջանքերը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին պլոքը հաստատեց, որ իրենց համար Պաղեստինի մէջ կռուող, պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը պաշտպանող եւ Երուսաղէմի վրայ յարձակողները հեռացնող իւրաքանչիւր մարտիկի ձեռք համբուրելի է: Պլոքը ընդգծեց իր զօրակցութիւնը պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ քաջ պաղեստինցիներուն` սիոնական գոյացութեան եւ բռնագրաւումին դէմ: «Պաղեստինցիներուն կողմէ թշնամի Իսրայէլի դէմ տրուած որեւէ որոշում պաղեստինցի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 394 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան հայրենիքին եւ լիբանանցի ժողովուրդին մտահոգութիւնները: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Պաղեստինեան դատին զօրակցութիւնը ազատ մտածող իւրաքանչիւր...

Ուեհպէ Խնդրեց Զինք Պաշտօնազրկել.  Զէյնա Աքըր Նշանակուեցաւ Արտաքին  Գործոց Նախարարի Գործակատար

Ուեհպէ Խնդրեց Զինք Պաշտօնազրկել. Զէյնա Աքըր Նշանակուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարի Գործակատար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէն, որմէ ստացաւ զինք պաշտօնազրկելու խնդրագիր մը: Հանդիպումէն ետք Ուեհպէ յայտնեց, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութիւններուն լոյսին տակ եւ առ ի յանձնառութիւն, որ այդ յայտարարութիւնները չշահագործուին Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ, այցելած է հանրապետութեան նախագահին եւ անոր ներկայացուցած արտաքին գործոց նախարարի իր պատասխանատուութենէն պաշտօնանկ ըլլալու խնդրագիր...

Խորհրդարանին Մէջ Վաղը Կը Կարդացուի  Հանրապետութեան Նախագահին Նամակը

Խորհրդարանին Մէջ Վաղը Կը Կարդացուի Հանրապետութեան Նախագահին Նամակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի կարդացուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանին յղուած նամակը, որ կը վերաբերի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յապաղումին: Խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի գումարուի վաղը` ուրբաթ, 21 մայիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ: Նշանակեալ վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Սաատ...

Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Լիբանանը`  Հակադարձելով Իսրայէլեան  Շրջաններու Հրթիռակոծումին

Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Լիբանանը` Հակադարձելով Իսրայէլեան Շրջաններու Հրթիռակոծումին

Երէկ յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Լիբանանը` իբրեւ պատասխան լիբանանեան հողերէն դէպի արեւմտեան Գալիլիա արձակուած չորս հրթիռներուն: Իսրայէլեան ուժեր Աքքայի եւ Հայֆայի մէջ կոչ ուղղեցին բնակիչներուն ուղղուելու ապաստանարաններ: Իսրայէլի կողմէ ռմբակոծումը թիրախ դարձուց Շամաա գիւղաքաղաքը: Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը ուղղակի կապի մէջ է լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ, եւ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան  Պարգեւատրեց Լեւոն Թաշճեանը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրեց Լեւոն Թաշճեանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց լիբանանահայ մարզիկ Լեւոն Թաշճեանը` բարձր գնահատելով Լիբանանի մէջ կազմակերպուած մարաթոններուն անոր աշխուժ մասնակցութիւնը: Նախարարի պաշտօնակատարը հպարտանքի իբրեւ արտայայտութիւն պարգեւատրեց Լեւոն Թաշճեանը` գնահատելով անոր մարզական նուաճումները: Լեւոն Թաշճեանին յանձնուած պարգեւատրումի գիրին մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը գնահատէ լիբանանցի մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի յիսնամեայ նուիրումը մարզական կեանքին, ինչպէս...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Ընթացիկ Նիստը Կը Մերժէ Կառավարութեան Կազմութեան Իրաւունքը Պատանդ Պահել

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ պաղեստինցիներուն զօրակցելու եւ իսրայէլեան պատերազմին դէմ անոնց մղած գոյապայքարին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը: Հզօր Լիբանան համախմբումը ընդգծեց ինքնուրոյն պետութիւն մը կերտելու պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութիւն ունենալու կարեւորութիւնը: Համախմբումը հաստատեց, որ պաղեստինեան հողերուն վրայ պաղեստինեան դիմադրութեան իր զօրակցութեան զուգահեռ, կը մերժէ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 489 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Երկու ղեկավարները ընդգծեցին այս դժուար փուլին գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընկերութիւնը փրկել կենցաղային եւ ապրուստի փլուզման վտանգներէն,...

Ուեհպէ. «Շրջանին Մէջ Կայունութիւն Հաստատելու  Մեկնարկը Միջին Արեւելքի Մէջ Արդար  Եւ Ամբողջական Խաղաղութեան Հաստատումն Է»

Ուեհպէի Գայթակղեցուցիչ Յայտարարութիւնները Լարուածութիւն Կը Ստեղծեն Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Ծոցի Երկիրներուն Յարաբերութիւններուն Մէջ

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի կողմէ նախանցեալ երեկոյեան «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած մէկ յայտարարութիւնը ստեղծեց հսկայական գայթակղութիւն մը, որ լարուածութիւն ստեղծեց Լիբանանի հետ Արաբական ծոցի երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն մէջ: «Սիրոյ, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան երկիրները ստեղծեցին ՏԱՀԵՇ-ը եւ պատճառ դարձան, որ այդ խմբաւորումը յայտնուի Նինուէի, Անպարի եւ Թըտմորի մէջ», ըսաւ Շարպել: Այս արտայայտութիւնը յառաջացուց...

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Նշանակումին  Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումին  Մասին Նամակ Մը Յղեց Խորհրդարանին

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Նշանակումին Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումին Մասին Նամակ Մը Յղեց Խորհրդարանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջոցով նամակ մը յղեց խորհրդարանին` նշելով, որ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումէն վեցուկէս ամիս ետք տակաւին կարելի չէ եղած կառավարութիւն մը կազմել: Նախագահ Աուն նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան յապաղումը իր ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին քաղաքական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, ելեւմտական եւ ծառայողական ապահովութեան վրայ: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կարելի...

Page 414 of 988 1 … 413 414 415 … 988

Արխիւներ