Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 307 վարակուածներ եւ մահացած 18 ուրիշներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն վերսկսելու կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն` աւելցնելով, որ ներկայ սառած իրավիճակը լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայրենիքին դէմ գործուած ոճիր է: Ան զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցիներուն` միաժամանակ կոչ ուղղելով Լիբանանը չվերածելու Իսրայէլի դէմ հրթիռակոծման մարտկոցի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմ յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն տրամադրուած նպաստը պիտի չկասեցուի` այլընտրանք մը ապահովելէ առաջ: Ան աւելցուց նաեւ, որ հատուցման քարտին մասին ցարդ նորութիւն չէ արձանագրուած:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց ոստիկանները` շեշտելով, որ անոնցմէ կը պահանջուի աւելի եւս տոկալ երկրին մէջ տիրող կացութեան` կառչած մնալով վարչական աշխատանքին մէջ անոնց ցուցաբերած թափանցիկութեան եւ լիբանանցիներուն ծառայելու նկատմամբ անոնց տուած երդումին յանձնառութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ Երուսաղէմը Պաղեստինեան դատին զարկերակն է, իսկ անոր պաշտպանութիւնը աստուածային պարտականութիւն մըն է, որուն ճամբուն վրայ նահատակութիւնը ոչինչ է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց Սալամը: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումը կասեցնելու կարեւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին պայքարը ցուցանիշ է, թէ պաղեստինեան սուրբ հողը պիտի վերադառնայ իր իրաւատիրոջ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ այցելեց Լիբանանի մէջ Համասի եւ Իսլամական ժիհատի պատասխանատուներուն, որոնց հետ քննարկեց պաղեստինեան իրադարձութիւնները: Քասեմ յայտնեց, որ պաղեստինեան հողերուն վրայ նոր հաւասարակշռութիւն մը կը հաստատուի, եւ նահատակութեամբ ու թափած արեամբ կը կատարուի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման յուղարկաւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանային շրջանին վրայ արձանագրուած շարժումները «աւանդական» են: Ան շեշտեց, որ Լիբանան վերածուած է Իրանէն հասած հրահանգները գործադրող ստրուկի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ զօրակցելու պաղեստինցիներուն եւ ամէն իմաստով օժանդակելու անոնց` իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ անոնց մղած պայքարին մէջ:

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ մէջ գտնուող ճաշարաններու սեփականատէրերը հաստատեցին, որ իրենք իրենց դռները բաց պիտի պահեն մինչեւ կէս գիշեր` ժամը 12:30, այնպէս ինչպէս է պարագան լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ: Անոնք կոչ ուղղեցին պատասխանատուներուն` օրէնքը բոլորին վրայ պարտադրելու:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Դեսպանի Պաշտօնակատարը Այցելեց Բագրատունիի

Յաջորդը

Հարիրի Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.