Երէկ կէս գիշերէն առաջ տեղեկութիւններ հաղորդուեցան, որ հարաւային Լիբանանի Արքուպի շրջանէն հրթիռներ արձակուած են գրաւեալ Պաղեստինի հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ: Իսրայէլեան իշխանութիւնները օդային ահազանգեր միացուցած են այդ շրջաններուն մէջ:
Իսրայէլեան բանակը անմիջապէս հակադարձած է հրթիռարձակումին եւ թնդանօթներէ 155 մմ հրթիռներով ռմբակոծած է սահմանային Քֆարշուպայի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Հըպպարիէ եւ Քֆարհամամ գիւղաքաղաքները:
Իսրայէլ թելադրեց բանալ գրաւեալ Պաղեստինի հիւսիսային շրջաններու ապաստարանները: