Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Յոյսերուն Հետ Կորսուող Վառելանիւթին Վրայ Կ՛աւելնայ Նաեւ Դեղորայքը

May 18, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ մնալ մահաքունի մէջ` իրեն հետ վերացնելով յոյսի որեւէ նշոյլ, երկրին մէջ տիրող բազմաթիւ տագնապներուն ամէնէն գլխաւորին`  վառելանիւթի տագնապին կու գայ աւելնալու նաեւ դեղորայքինը:

Քաղաքական առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` շնորհաւորելու համար զինք Ֆիթրի տօնին առիթով:

Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնելու եւ երկիրը այս ծուղակէն դուրս բերելու կարելիութիւնները:

Իշխանութեան երկու պետերուն միջեւ այս խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ յայտնուեցաւ, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ Ֆիթրի տօնը ընտանիքին հետ նշելու առիթով մեկնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, պիտի շարունակէ մնալ հոն` այլ շաբթուան մը համար եւս:

Կենցաղային առումով Դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամին կոչ ուղղեց դեղորայքի հետ ուղղակի կապ ունեցող նախարարութիւններուն եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ շտապ նիստ մը գումարելու` հաստատելով, որ Լիբանանի դեղային անվտանգութիւնը վտանգուած է:

Միւս կողմէ, Պենզինի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պետութիւնը ստիպուած է պաշտպանել պենզինի կայարաններու սեփականատէրերը, անոնց ընտանիքներն ու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ պէտք է անհրաժեշտ գումարը տրամադրէ` վառելանիւթ ներածելու եւ կայարաններուն բաշխելու համար, որպէսզի պենզինի սեփականատէրերուն դէմ խոշտանգումները վերջ գտնեն, եւ լիբանանցիները ստիպուած չըլլան կայարաններուն դիմաց հերթի սպասելու:

Պրաքս խստիւ դատապարտեց Աքքարի մէջ պենզինի կայարանի մը սեփականատիրոջ զաւկին սպանութիւնը` աւելցնելով, որ  պարզապէս որովհետեւ անոր հօր կայարանին մէջ պենզին ստանալու խնդիր պատահած էր, անծանօթներ կրակ բացած էին կայարանի սեփականատիրոջ զաւկին վրայ եւ սպաննած զայն:

Պրաքս հաստատեց, որ պենզինի կայարաններուն քիչ քանակով վառելանիւթ յատկացնելը չ՛արդարացներ մաքսանենգումը կասեցնելու կառավարութեան անկարողութիւնը:

Իր կարգին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն վերջ տալու իրենց համայնքային ու յարանուանական անձնասիրութիւններուն եւ կազմելու ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը: Ան շեշտեց, որ պէտք չէ նպաստը կասեցնել, նախքան` հատուցման քարտի վերջնական որոշումը:

«Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պատնէշի վրայ պիտի մնայ` լիբանանցիներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար», ըսաւ Ասմար:

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կը պահանջէ ինքնաշարժի մեքանիքի քննութեան վերականգնումը` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին դիմաց վրաններ լարելու եւ երկարատեւ նստացոյց կատարելու, մինչեւ իրենց այդ պահանջին գործադրութիւնը:

 

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

Յաջորդը

Վերջին Ժամ. Լարուած Վիճակ` Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Շրջաններուն Մէջ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.