Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Ներկայ Փուլը Ըլլայ Պաղեստինի Ազատագրումին Առաջնորդող Փուլ Մը»

May 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Պասիլ պաղեստինցի ժողովուրդին բացարձակ զօրակցութիւն յայտնեց` մաղթելով, որ ներկայ փուլը ըլլայ Պաղեստինի ազատագրումին առաջնորդող փուլ մը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան պետութեան հիմնադրութեան փուլը` Երուսաղէմը ունենալով իբրեւ Պաղեստինի պաշտօնական մայրաքաղաք:

Պասիլ ցաւ յայտնեց այն բոլոր բռնարարքներուն համար, որոնք կը գործուին պաղեստինցիներուն դէմ` յոյս յայտնելով, որ պաղեստինեան ժողովրդային ինթիֆատան յաղթանակ կ՛արձանագրէ եւ պաղեստինցիներուն ցուցաբերած դիմադրութիւնը դիւցազներգութեան կը վերածուի:

Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքիի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Պասիլ եւ Մալիքի քննարկեցին Պաղեստինեան հողերուն վրայ տիրող պայթուցիկ մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ այդ կացութեան լուծումներ գտնելու հաւանականութիւնները:

Նշենք, որ Ֆիթրի տօնին առիթով Պասիլ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, ինչպէս` Թուրքիոյ, Իրանի, Պաղեստինեան իշխանութեան, Յորդանանի, Քուէյթի, Օմանի, Քաթարի եւ Մարոքի:

Պասիլ շնորհաւորեց նաեւ Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսունը, լիբանանցի հոգեւոր հեղինակութիւններ, իշխանութեան պետեր եւ պետական ներկայացուցիչներ, ինչպէս` վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, ինչպէս նաեւ նախարարներ, քաղաքական ուժերու ղեկավարներ եւ ապահովական մարզի ներկայացուցիչներ:

Պասիլ շնորհաւորեց նաեւ լիբանանցիները, մասնաւորաբար` իսլամները, մաղթելով աւելի բարեբեր օրեր, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատին յաղթանակ, իսկ Երուսաղէմին` արաբ ժողովուրդին վերադարձ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Աուն Իրաքեան Պետութենէն Ստացաւ Լիբանանեան Բանակին Տրամադրուած Նիւթական Օժանդակութիւնը

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.