Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

Մայիս 18, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Մարինա Սերենին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը իրեն համար առաջնահերթութիւն է` իբրեւ քաղաքական աշխատանք:

Ան ըսաւ, որ հակառակ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին արգելակումներուն, ոչ մէկ ճիգ կը խնայուի հասնելու համար հիմնական նպատակին, որն է Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան պարտականութիւնը պիտի ըլլայ պահանջուած բարեկարգումներուն գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ կարեւորագոյն քայլը կը մնայ իրաւական հաշուեքննութիւնը, որ իրագործուելիք բարեկարգումներուն իսկական մուտքը կը նկատուի:

Նախագահ Աուն հաստատեց Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, որոնց շարքին նաեւ Իտալիոյ օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները վերադարձնել Լիբանան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ իւրացուած այդ գումարները փոխանցուած են եւրոպական դրամատուներ:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ փտածութեան դէմ պայքարը կը վերադարձնէ լիբանանեան պետութեան, անոր վարչութիւններուն ու հաստատութիւններուն տնտեսական կազմաւորումը:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը պահպանուած է եւ երաշխաւորուած` հակառակ երկրին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն: «Այդ ժողովրդավարութիւնը պիտի թարգմանուի 2022-ին կատարուելիք երեսփոխանական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններով», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց իտալացի պաշտօնատարին` Իտալիոյ կողմէ Լիբանանին մատուցուած օժանդակութիւններուն համար, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման ծրագիրին գործադրութեան համար: Ան հաստատեց, որ Լիբանանը Իտալիոյ երախտագէտ կը մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին գործունէութեան եւ այդ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը ստանձնելուն համար:

Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Սերենի իր կարգին շեշտեց, որ Իտալիա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին, իսկ երկրին մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն ընթացքին ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու: Ան ընդգծեց, որ Իտալիա պատրաստ է զօրակցելու եւ աջակցելու որեւէ նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է Լիբանանը փրկել իր ներկայ սառած իրավիճակէն, ինչպէս նաեւ բարելաւել լիբանանցիներուն կենցաղային պայմանները:

Ան շեշտեց, որ Իտալիա պատրաստակամ է Պէյրութի վերաշինութեան աշխատանքներուն մասնակցելու:

Սերենի հաստատեց Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, հետեւաբար ընդգծեց հանրապետութեան նախագահին 2022-ին կատարուելիք ընտրութիւններուն սահմանադրական ժամկէտները յարգելու կարեւորութիւնը:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սերենին, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիէն, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն Լուքա Կորին եւ կարգ մը այլ պատասխանատուներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:

Սերենի շեշտեց, որ Իտալիա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ պատրաստ է բոլոր մարզերուն պարագային օժանդակելու անոր:

Ուեհպէի Մօտ

Սերենի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանանին տրամադրուած իտալական օժանդակութիւններն ու յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրելու Իտալիոյ պատրաստակամութիւնը, պայմանով որ Լիբանան կազմէ փրկութեան կառավարութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին Սերենի հարց տուաւ նաեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան այլընտրանքային իրաւասութիւններ շնորհելու կարելիութիւններուն մասին, եթէ նոր կառավարութեան մը կազմութեան իմաստով յաջողութիւն չարձանագրուի:

Սերենի եւ Ուեհպէ քննարկեցին նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը, յատկապէս երբ սահմանային մագլցումներ կ՛արձանագրուին:

Սերենի ընդգծեց, որ Իտալիա անհրաժեշտ կը նկատէ, որ պաղեստինցիներուն դէմ կատարուած բռնարարքները կասեցուին, եւ բոլորը վերադառնան երկխօսութեան եւ տրամաբանութեան լեզուին` հարցերը լուծելու համար:

ՆՇԵՆՔ, որ Սերենի յետմիջօրէին խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Եասին Ժապերի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Պուխարի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Պաղեստինեան Իշխանութեան Դեսպանին

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Յոյսերուն Հետ Կորսուող Վառելանիւթին Վրայ Կ՛աւելնայ Նաեւ Դեղորայքը

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?