Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ ինք Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին, պաղեստինեան ինթիֆատային նեցուկ կանգնելուն, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները դատապարտելուն եւ նահատակուած պաղեստինցիներու ընտանիքներուն զօրակցելուն համար:
Պըրրի շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ անոնց յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները` կոչ ուղղելով, որ անոնք իրենց տեսակէտներն ու ազգային անկեղծ ջանքերը միասնականացնեն` փրկելու համար Լիբանանը, ինչպէս նաեւ զօրակցին պաղեստինցի ժողովուրդին` իրականացնելու համար յաղթանակի եւ ազատագրումի, եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստին մը հիմնելու անոր փափաքը: