Հայ մայրերու տօնին առիթով, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` երեքշաբթի, 18 մայիս 2021-ին այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տուն:
ՔԱՀԼ-ի մուտքին պատուելի Սեպուհ Թերզեան եւ մամիկ մը ծաղկեփունջով դիմաւորեցին Վ. Օհանեան-Գէորգեանը:
Ապա անոնք բարձրացան հիւրանոց, ուր նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպեցաւ մամիկներուն:
Պատուելի Թերզեան բարի գալուստ մաղթեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, որ իր կարգին գնահատեց հաստատութեան մէջ տարուած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուելիին ու ՔԱՀԼ-ի անձնակազմին անոնց առաքելութեան եւ ծառայութեան համար:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհաւորեց ՔԱՀԼ-ի մէջ պատսպարուած մամիկներուն տօնը` նշելով, որ ինք սէր կը տածէ անոնց հանդէպ, կը զօրակցի անոնց եւ միշտ պիտի այցելէ ՔԱՀԼ: Ապա ան ծաղիկներ նուիրեց հայ մամիկներուն:
Նախարարի պաշտօնակատարը անդրադարձաւ նաեւ Հիւանդապահներու միջազգային օրուան եւ այդ առիթով շնորհաւորեց նաեւ անոնց ծառայութիւնը:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ՔԱՀԼ-ի հաստատութեան նուիրեց 500 շիճուկ (serum):
Աւարտին Վ. Օհանեան-Գէորգեան հանդիպում մը ունեցաւ պատուելի Թերզեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ազգային եւ ընկերային տարբեր հարցեր:
Պատուելի Թերզեան յաջողութիւն մաղթեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` այս դժուար փուլին ընթացքին անոր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն եւ մատուցած ծառայութիւններուն համար:




