Լիբանանեան

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին Յ. Բագրատունի Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Քննարկուեցան նաեւ ընկերային եւ տնտեսական տագնապին հետեւանքներն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ ներկայ...

Նախագահ Աուն Միջազգային Դրամատունէն Խնդրեց  Վերադասաւորել Լիբանանի Տրուած,  Սակայն Տակաւին Չօգտագործուած Վարկերը

Նախագահ Աուն Միջազգային Դրամատունէն Խնդրեց Վերադասաւորել Լիբանանի Տրուած, Սակայն Տակաւին Չօգտագործուած Վարկերը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութեան հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ բարեկարգումներու գործադրութիւնը, որոնց շարքին առաջնահերթութիւն կը նկատուի իրաւական հաշուեքննութիւնը, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար իր դիմագրաւած ներկայ տագնապը լուծել` առանց...

Քանաան. «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ը  Սահմանադրական Է Եւ Ժամանակաւոր»

Քանաան. «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ը Սահմանադրական Է Եւ Ժամանակաւոր»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ կէսօրին խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին  յայտարարեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի իրերայաջորդ կառավարութիւնները նոյն գործելաոճով առաջնորդուած են` առանց նկատի ունենալու բարեկարգումները: «Այդ պատճառով ալ բոյն դրած է փտածութիւնը, որ իր կարգին արտօնած է դրամատուներուն` պարտադրանքներ սահմանելու դրամատնային գործառնութիւններուն, այսինքն`...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Գերապայծառ  Ասատուրեանի Հետ  Քննարկեց Երկրին Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Գերապայծառ Ասատուրեանի Հետ Քննարկեց Երկրին Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ընկերային եւ մարդասիրական հարցերն ու տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու միջոցները: Քննարկուեցան նաեւ եկեղեցւոյ վերաբերող կարգ մը հարցեր, յատկապէս` կարգ մը մարզերու մէջ եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ...

Տնտեսութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը  Քննարկեց Լիբանանեան Արտադրութիւններուն  Սէուտական Արաբիա Մուտք Գործելու  Արգելքը Վերացնելու Միջոցները

Տնտեսութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը Քննարկեց Լիբանանեան Արտադրութիւններուն Սէուտական Արաբիա Մուտք Գործելու Արգելքը Վերացնելու Միջոցները

Տնտեսութեան, առեւտուրի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանիի գումարեց նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր, ինչպէս նաեւ նախարարի պաշտօնակատարներ Մոհամետ Ֆահմի` ներքին գործոց, Իմատ Հուպալլա` ճարտարարուեստի, Ապպաս Մուրթատա` երկրագործութեան եւ Ղազի Ուազնի` ելեւմուտքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան արտադրութիւններուն Սէուտական Արաբիա մուտք...

Զօր. Աուն Ընդունեց Վրոնեսքան

Զօր. Աուն Ընդունեց Վրոնեսքան

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեսքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Միւս կողմէ, զօր. Աուն կը պատրաստուի մեկնելու Բրիտանիա` Ֆրանսա կատարած իր յաջող այցելութենէն ետք: Նշենք, որ զօր. Աունի Ֆրանսա կատարած այցելութեան լոյսին տակ որոշուած էր լիբանանեան բանակի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպել:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 71 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց զբօսաշրջութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէն, որուն հետ քննարկեց արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ զբօսաշրջութեան նպատակով Լիբանան վերադառնալու իրողութիւնն ու զբօսավայրերուն մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով ապահովական համակարգում կատարելու...

Պըրրի. «Կը Մերժենք Պաղեստինցի  Գաղթականներուն Բնակեցումը  Եւ Կառչած Կը Մնանք Դիմադրութեան»

Հետզհետէ Շեշտուող Քաղաքատնտեսական Խռովայոյզ Մթնոլորտին Մէջ. Լուծման Խաղաղարար Ճիգերը Կը Շարունակուին Բազմաճիւղ Ուղղութեամբ

Օրըստօրէ Լիբանանի մէջ ընկերային- տնտեսական կացութիւնը եւ առհասարակ ապրուստի կենցաղային պայմանները կը վատթարանան` յուսալքիչ մթնոլորտ ստեղծելով քաղաքացիներուն մօտ: Արդարեւ, տեղական թէ արտաքին հաւաստի աղբիւրներ եւ կազմակերպութիւններ կը զգուշացնեն Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ոչ նախանձելի կացութեան գահավիժումի հաւանականութենէն: Փաստօրէն, արտագաղթողներու թիւը զգալի աճ կ՛արձանագրէ, նոյնպէս եւ անգործներու թիւը, որ շրջանցած է  աշխատող մարդուժի 60 առ հարիւր համեմատութիւնը: Իսկ լիբանանցիներու յիսուն առ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ կիրակնօրեայ իր քարոզով խստօրէն մերժեց Լիբանանի ժողովրդավար վարչաձեւի եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան դիմագիծի  փոփոխութեան փորձերը: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ արդեօք յարուցուող արգելքները կը միտի՞ն արգելակել մայիս 2022-ի երեսփոխանական եւ ապա հոկտեմբեր 2022-ի նախագահական ընտրութիւններու կայացումը: ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ առողջապահութեան նախարարութեան, երէկ «Ֆայզըր» պատուաստի մարաթոն պատուաստում կատարուեցաւ երեք շրջաններու` Աքքարի, Պաալպեք-Հըրմելի եւ Պեքաայի մէջ: Առողջապահութեան նախարարի...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 10 Ամիս Ետք  Ամէն Ինչ Կը Մնայ Անորոշ, Իսկ Կառավարութեան  Կազմութիւնը Կը Թուի Անկարելի Ըլլալ

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 10 Ամիս Ետք Ամէն Ինչ Կը Մնայ Անորոշ, Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Թուի Անկարելի Ըլլալ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն 10 ամիս ետք երկրին մէջ անորոշութիւնը կը շարունակուի, իսկ պայթումին մասին հետաքննութիւնը ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգի: Երէկ երեկոյեան Պէյրութի պայթումին պատճառով հարազատներ կորսնցուցած քաղաքացիները բողոքի նստացոյց մը կատարեցին նաւահանգիստին դիմաց գտնուող արտերկրի լիբանանցին խորհրդանշող արձանին շուրջ: Այս առիթով խօսք առաւ Իպրահիմ Հթէյթ եւ նշեց, որ իրենք կը մերժեն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կատարուելիք որեւէ բարենորոգում կամ շինարարութիւն...

Նախագահ Աուն Ապի Ռամիայի Հետ Քննարկեց  Փարիզ Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները

Նախագահ Աուն Ապի Ռամիայի Հետ Քննարկեց Փարիզ Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց անոր Փարիզ կատարած այցելութեան ընթացքին ֆրանսացի երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու հետ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու եւ Ֆրանսա փոխանցուած իւրացուած գումարները վերադարձնելու աշխատանքները: Հանդիպումէն ետք Լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Ապի Ռամիա յայտնեց, որ իրենք կ՛որդեգրեն որոշ նախաձեռնութիւններ,...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը  Փտածութեան Դէմ Իր Ցոյցերուն  Պիտի Սկսի Կեդրոնական Դրամատունէն

Կեդրոնական Դրամատունը Դրամատուներուն Ամերիկեան Տոլար Պիտի Վաճառէ 12.000-ի Սակին Համաձայն

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը ամերիկեան տոլար պիտի վաճառէ «Sayrafa» ելեկտրոնային հարթակին մաս կազմող դրամատուներուն: Ան ըսաւ, որ ամերիկեան մէկ տոլարին սակը համազօր պիտի ըլլայ 12.000 լ. ոսկիի` աւելցնելով, որ դրամատուներուն արտօնուած է 12.000-ի սակին հիման վրայ գնուած տոլարը վաճառել 12.120 սակով: «Այս ծառայութենէն օգտուիլ փափաքող դրամատուները իրենց դիմումները կրնան արձանագրել երկուշաբթի, 7 յունիս 2021-էն սկսեալ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Առողջապահութեան  Նախարարին Առաջարկեց Մարզիկները  Պատուաստելու Մարաթոն Մը Կազմակերպել

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Առողջապահութեան Նախարարին Առաջարկեց Մարզիկները Պատուաստելու Մարաթոն Մը Կազմակերպել

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հիւսէյն Օմարի, երէկ այցելեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի: Հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հասանին, որ միշտ կ՛ընդառաջէ արտաքին մրցաշարքերու մասնակցող լիբանանեան մարզական պատուիրակութիւններուն պատուաստ տրամադրելու խնդրանքներուն: Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասանին առաջարկեց մարզիկները պատուաստելու մարաթոն մը կազմակերպել: Այս շրջագիծին մէջ քննարկուեցան այն գործիքակազմերը, որոնք պէտք է որդեգրուին` կատարելու համար...

Սահմանագծում Կատարելու  Առումով`   Իսրայէլացի Նախարար Մը Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Լիբանանի Հետ Լուծման Մը Յանգելու

Նաքուրայի Մէջ. Տել Քոլ Նախագահեց Եռակողմանի Նիստին

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու ու լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ լիբանանեան կողմը դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ...

Ֆահմի. «Կը Կարծեմ, Որ Ներկայ Կառավարութիւնը  Պիտի Կազմակերպէ Յաջորդ  Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

Ֆահմի. «Կը Կարծեմ, Որ Ներկայ Կառավարութիւնը Պիտի Կազմակերպէ Յաջորդ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երբ ինք յայտարարած է, թէ լիբանանեան ընկերային անվտանգութիւնը խախտած է եւ ապակայուն վիճակ կը պարզէ, ապա անիկա վտանգի փող հնչեցնելու համազօր եղած է: Ֆահմի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը երկար պիտի տեւէ, որովհետեւ բոլորը իրենց շահերը կ՛որոնեն: Ան նկատել տուաւ, որ ինք կը կարծէ, թէ ներկայ կառավարութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 223 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի եւ յատկապէս Նապաթիէի մէջ սեւ շուկայի վրայ վաճառուող պենզինին սակը հասած է 100 հազար լ. ոսկիի: Հակառակ սեւ շուկայի վրայ պենզինի ապօրինի վաճառքը արգիլող հարաւային Լիբանանի նահանգապետին կոչերուն, 10 լիթր պենզինը կը վաճառուի 50 հազար լ. ոսկիով, իսկ...

Տոլարով Հաշիւ Ունեցողները Պիտի Շարունակեն  3900-ի Սակին Հիման Վրայ Ստանալ Իրենց Գումարները

Տոլարով Հաշիւ Ունեցողները Պիտի Շարունակեն 3900-ի Սակին Հիման Վրայ Ստանալ Իրենց Գումարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ելեւմտական-դատական նիստի մը` ներկայութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ Պետական շուրայի նախագահ դատաւոր Ֆատի Էլիասի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Կեդրոնական դրամատան թիւ 151 հրամանագիրին գործադրութեան վերջ տալու Պետական շուրայի որոշումին հետեւանքները, եւ ըստ այնմ որոշուեցաւ թիւ 151 հրամանագիրին գործադրութիւնը ուժի մէջ պահել: Այսինքն` դրամատուները կը շարունակեն...

Եոաննա Վրոնեսքա Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Ներկայացուցիչի Պաշտօնը

Եոաննա Վրոնեսքա Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչի Պաշտօնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեսքան` ընկերակցութեամբ փոխներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտիի: Նշենք, որ Իան Քիւպիչէն ետք Վրոնեսքա նշանակուած էր ստանձնելու համար Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի պաշտօնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գործող կազմակերպութիւններուն եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին մատուցուած ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնները: Նախագահ Աուն...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախագահեց Խթանիչ  Դեղերու Գործածութեան Դէմ Պայքարելու Նիստի Մը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախագահեց Խթանիչ Դեղերու Գործածութեան Դէմ Պայքարելու Նիստի Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց համադրումի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ մարզիկներու կողմէ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պայքարելու միջոցներն ու քայլերը: Այս նիստը գործնական առաջին քայլը կը նկատուի 15 հոկտեմբեր 2019-ին կառավարութեան կողմէ տրուած թիւ 145 որոշումին, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանան կը հետեւի մարզիկներուն կողմէ խթանիչ դեղերու գործածութիւնը արգիլող...

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են  Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի  Եւ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգման Փորձ Մը

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի Եւ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգման Փորձ Մը

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ ձախողեցուցած են զէնքի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգման փորձ մը: Ատրահի յայտնեց, որ սահմանամերձ շրջանի բնակիչներէն ոմանք Լիբանանէն Իսրայէլ պայուսակներ փոխադրած են` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը հետապնդած են զանոնք եւ ապա ձերբակալած իսրայէլացի կասկածելիները: Ատրահի նշեց, որ ձերբակալութեան ընթացքին իսրայէլեան բանակը գրաւած է նաեւ 15 ատրճանակներ, 36 քիլոկրամ...

Page 411 of 988 1 … 410 411 412 … 988

Արխիւներ