Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 223 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի եւ յատկապէս Նապաթիէի մէջ սեւ շուկայի վրայ վաճառուող պենզինին սակը հասած է 100 հազար լ. ոսկիի: Հակառակ սեւ շուկայի վրայ պենզինի ապօրինի վաճառքը արգիլող հարաւային Լիբանանի նահանգապետին կոչերուն, 10 լիթր պենզինը կը վաճառուի 50 հազար լ. ոսկիով, իսկ պենզինին թիթեղը` 100 հազար լ. ոսկիով:

ԿԻՆԵՐՈՒ եւ մանուկներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին երէկ Սուրի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց Սուրի կարիքները: Դեսպանը ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը պահպանել կը նշանակէ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանել` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իր հանդիպած քաղաքական անձնաւորութիւնները Լիբանանի ապագան են: Միւս կողմէ, Իզզէտտին կոչ ուղղեց ազգային պատասխանատուութեամբ մօտենալու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երեխաներու նման կը վարուի` աւելցնելով, որ Հարիրիի մտային կառուցուածքը ոչ ոքի ծանօթ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ հաղորդակցութիւնները վերսկսած են` յաղթահարելու համար կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներու լուծման անհրաժեշտ միակ ելքը նոր կառավարութեան կազմութիւնն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ իրենք  իրաւական հաշուեքննութիւն կը պահանջեն, եւ իրենց խիղճը հանգիստ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ պետական ամավարկը վաւերացնելու պատասխանատուութիւնը ընթացիկ հարցերու կառավարութեան հիմնական պարտականութիւններուն եւ իրաւասութիւններուն մէջ է:

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 23

Յաջորդը

Ֆահմի. «Կը Կարծեմ, Որ Ներկայ Կառավարութիւնը Պիտի Կազմակերպէ Յաջորդ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.