Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 165 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի յատուկ օրինագիծը վաւերացնելու առումով բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած է: Այս առումով, յանձնախումբը երկուշաբթի, 7 յունիսին պիտի գումարէ իր վերջին նիստը, որմէ ետք յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս պիտի...

Վերջին Ժամ.  Լիբանանեան Զանազան Շրջաններու Մէջ Ցոյցեր` Երեկոյեան Ուշ Ժամերէն Ետք

Վերջին Ժամ. Լիբանանեան Զանազան Շրջաններու Մէջ Ցոյցեր` Երեկոյեան Ուշ Ժամերէն Ետք

Կեդրոնական դրամատան կողմէ թիւ 151 հրամանագիրի գործադրութեան վերջ տալու որոշումէն ետք (տեսնել էջ 2), երէկ ուշ երեկոյեան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ քաղաքացիներ այդ որոշումին դէմ իբրեւ ընդվզումի եւ վրդովումի արտայայտութիւն ցոյցեր կատարեցին: Անոնք փակեցին Ժալ Էլ Տիպի մայրուղին երկու ուղղութեամբ, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի ճամբան, Ժիէի մայրուղին երկու ուղղութեամբ եւ դէպի Էշրեֆիէ տանող Պըրժ Ղազալի ճամբան երկու ուղղութեամբ: Աւելի ուշ ցուցարարներուն...

Պաապտայի Մէջ.   «Կառավարութիւն Չկազմելու Եւ Նախագահ Աունի  Ու Հարիրիի Միջեւ Համաձայնութիւն  Չգոյացնելու Արդարացում Չկայ»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութիւն Չկազմելու Եւ Նախագահ Աունի Ու Հարիրիի Միջեւ Համաձայնութիւն Չգոյացնելու Արդարացում Չկայ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք Պաապտա այցելած է` նախքան Հռոմ իր կատարելիք այցելութիւնը: Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք Հռոմ կ՛երթայ` ընդառաջելու համար Լիբանանի համար խոկալու եւ Լիբանանի փրկութեան համար աղօթելու Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէրին: «Պապը յանձնառու կը մնայ, որ Լիբանան տէր կանգնի իր գոյացութեան եւ...

«Լիբանանը Ամբողջական Փլուզման Վտանգին Ենթակայ Է, Եթէ Զայն Անմիջապէս Չփրկէք,  Ապա Զղջումը Անիմաստ Պիտի Դառնայ»   Շեշտեց Տիապ

«Լիբանանը Ամբողջական Փլուզման Վտանգին Ենթակայ Է, Եթէ Զայն Անմիջապէս Չփրկէք, Ապա Զղջումը Անիմաստ Պիտի Դառնայ» Շեշտեց Տիապ

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին վարչապետարանին մէջ արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ նշեց, թէ հակառակ անոր որ իր կառավարութիւնը 300 օրէ ի վեր հրաժարած է, սակայն քաղաքական հաշիւները կը շարունակուին` անտեսելով Լիբանանի շահերն ու լիբանանցիներուն տառապանքը, ինչպէս նաեւ արգելակելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Տիապ յայտնեց, որ երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական սխալ քաղաքականութիւններուն պատճառով տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին...

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Հաղորդագրութիւններու Կռիւ` Մուսթաքպալ Հոսանքին Ու Երկրին Իշխանութեան Միջեւ

Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ առաւօտեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ի պատասխան նախանցեալ երեկոյ Մուսթաքպալ հոսանքի հրապարակած հաղորդագրութեան: Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նշանակեալ վարչապետը կը շարունակէ տիրանալ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն: «Նախագահ Աունի իշխանութեան ժառանգած ելեւմտական իրավիճակն ու նիւթական պարտաւորութիւնները «պտուղներ»-ն են նշանակեալ վարչապետի` պետական հարցերու վարչակազմին տնօրինման թերութիւններուն: Իսկ այն ճահիճը, որուն մէջ երկիրը ինկած է ...

Սալամէ Կը Հերքէ Կեդրոնական Դրամատան Կողմէ  Օտար Դրամանիշով Իր Պահեստի Գումարներու  Նուազեցումը Սերտելու Կարելիութիւնը

Կեդրոնական Դրամատունը Տոլարով Հաշիւ Ունեցողներուն Կ՛արգիլէ 3900-ի Սակին Հիման Վրայ Ստանալ Իրենց Գումարները

Կեդրոնական դրամատունը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ ուղղուած էր Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ տեղեկացուելէ ետք Պետական շուրայի թիւ 213/20212020 որոշումին մասին, Կեդրոնական դրամատունը որոշած է վերջ տալ իր հրապարակած թիւ 151 հրամանագիրի գործադրութեան: Այսինքն` վերջ տալ ամերիկեան տոլարով հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրենց գումարները 3900 լիբանանեան ոսկիի սակին հիման վրայ ստանալու որոշումին:    

Դամասկոսի Մէջ.  Արսլան Շնորհաւորեց Նախագահ Ասատը

Դամասկոսի Մէջ. Արսլան Շնորհաւորեց Նախագահ Ասատը

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ առաւօտեան այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Արսլան շնորհաւորեց Ասատը` անոր վերընտրութեան առիթով: Արսլան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած արդիւնքը կը ներկայացնէ սուրիացի ժողովուրդին կամքը, որուն վճռականութիւնը դրսեւորուած էր Սուրիոյ դէմ մղուած համաշխարհային պատերազմին առաջին օրէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 214 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի նամակ մը ստացաւ փաքիստանցի իր պաշտօնակիցէն` Ասաատ Քայսարէն, որ հաստատեց իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրելու առումով խորհրդարանական միացեալ աշխատանքը համադրելու կարեւորութիւնը: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի ընդունեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքին եւ Աշխատաւորական...

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Արգելակող Որեւէ Նոր Պատճառաբանութիւն Պիտի Ջրենք»

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Որեւէ Նոր Պատճառաբանութիւն Պիտի Ջրենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահելէ ետք Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց ընդմէջէն ներկայացուց լիբանանցիներուն տրամադրուելիք հատուցման քարտի դրութեան իրենց պատկերացումը: «Այսօր մենք յանձնառու կը մնանք այն պարտականութեան, որ անձնասպանական նկատած ենք, որն է հատուցման քարտին կամ նպաստի ծրագիրին առումով առաջարկի մը ներկայացումը: Ասիկա կը նկատենք ազգային պատասխանատուութիւն եւ ոչ թէ ժողովրդահաճոյ...

Պաապտայի Մէջ.   «Պէտք Է Վերացնել Նպաստ Ստացող Հաշիւներուն  Դրամատնային Գաղտնիութիւնը»  Շեշտեց Հասան

Պաապտայի Մէջ. «Պէտք Է Վերացնել Նպաստ Ստացող Հաշիւներուն Դրամատնային Գաղտնիութիւնը» Շեշտեց Հասան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան մարզին իրավիճակը, «Քորոնա» համաճարակին դէմ պատուաստումի արշաւը, ինչպէս նաեւ դեղորայքի տագնապն ու զայն լուծելու միջոցները: Հանդիպումէն ետք Հասան յայտնեց, որ դեղորայքին համար տրամադրուած նպաստը քմահաճոյքի հարց չէ, եւ պէտք է հեռու մնալ տեղեկատուական այն աւելորդաբանութիւններէն, որոնք երկրի դեղորայքի մարզին նկատմամբ վստահութիւնը...

Համաշխարհային Դրամատունը  50 Միլիոն Տոլարի  Վարկ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

Միջազգային Դրամատուն. «Լիբանանի Տնտեսական-Ելեւմտական Տագնապը 19-րդ Դարու Կէսէն Ի Վեր Աշխարհի Վկայած Ամէնէն Սուր Երեք Տագնապներէն Մէկն Է»

Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի տնտեսական տագնապին մասին հրապարակուած տեղեկագիրը կը հաստատէ, որ երկրին մէջ տիրող տնտեսական-ելեւմտական ծանր տագնապը 19-րդ դարու կէսէն ի վեր աշխարհի վկայած ամէնէն սուր երեք տագնապներէն մէկն է: Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած հսկայական այս մարտահրաւէրը յաղթահարելու ճիգերուն ու ջանքերուն փոխարէն Լիբանանի մէջ կը տիրէ ձգձգումի քաղաքականութիւն, որ կը սպառնայ արդէն իսկ տիրող ընկերային...

Աքըր Շնորհակալութիւն Յայտնեց Մաքրոնին`  Լիբանանին Եւ Յատկապէս Լիբանանեան  Բանակին Զօրակցութեան Համար

Աքըր Շնորհակալութիւն Յայտնեց Մաքրոնին` Լիբանանին Եւ Յատկապէս Լիբանանեան Բանակին Զօրակցութեան Համար

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն եւ դեսպանատան անձնակազմի պատասխանատուները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Աքըր շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` Լիբանանին եւ յատկապէս լիբանանեան բանակին նկատմամբ ցուցաբերած անոր զօրակցութեան համար: Աքըր յայտնեց, որ այս ամսուան ընթացքին Ֆրանսայի կազմակերպելիք միջազգային...

Վարչապետ Տիապ Նամակ Մը  Ստացաւ Քաթարի Իշխանէն

Վարչապետ Տիապ Նամակ Մը Ստացաւ Քաթարի Իշխանէն

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ նամակ մը ստացաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիէն, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Քաթարի իշխանը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն ազգային շահերը գերադասելու եւ միջազգային ջանքերուն ընդառաջելու, ինչպէս նաեւ արագացնելու նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի ան կարենայ լուծել երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու տագնապները եւ վերահաստատել երկրին կայունութիւնը:    

Պենի Կանց. «Կազայի Մէջ Գործուածին  Տասնապատիկը Պիտի Կիրարկուի Լիբանանի Մէջ»

Պենի Կանց. «Կազայի Մէջ Գործուածին Տասնապատիկը Պիտի Կիրարկուի Լիբանանի Մէջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց վերահաստատեց իր զգուշացումները Հըզպալլայի կողմէ Թել Աւիւի վրայ սանձազերծուելիք որեւէ յարձակումի հաւանականութեան մասին: Կանց շեշտեց, որ Կազայի մէջ գործուածին տասնապատիկը պիտի կիրարկուի Լիբանանի մէջ: «Լիբանանի դէմ մղուելիք յաջորդ պատերազմը բարդ պիտի ըլլայ` տրուած ըլլալով, որ Հըզպալլա կը թաքցնէ 100 հազար հրթիռ, որոնց շարքին են նաեւ թիրախահար հրթիռներ, եւ այս բոլորը պահուած են քաղաքացիներով բնակուած շրջաններու...

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութեան Մէջ Կարեւոր Զարգացում

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած է կարեւոր զարգացում մը, որուն շրջագիծին մէջ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար ստանձնած է ֆրանսական անձնակազմին հետաքննութեան տեղեկագիրը: Ֆրանսական անձնակազմը Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ աշխատած է պայթումէն ետք` երեք շաբթուան տեւողութեամբ: Դատական իշխանութեան մօտիկ աղբիւրներ այդ տեղեկագիրը որակեցին «Շատ կարեւոր»` նկատել տալով, որ տեղեկագիրին մէջ լուսարձակի տակ առնուած են...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 242 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական միացեալ հարցեր: ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Մարուան Ապպուտ խստիւ դատապարտեց Պէյրութի Աւետարանական համայնքի գերեզմանատան դէմ...

Պըրրի Նշանակեալ Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Պըրրի Նշանակեալ Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք Այն Թինէի մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ Հարիրիի անձնական խորհրդական Հանի Համմուտ: Երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւնները: Քննարկումներուն ընթացքին տիրեց դրական մթնոլորտ: Նշենք, որ երէկ առաւօտեան կանուխ...

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Արդիւնաբերութիւնը Սէուտական Արաբիա Եւ Ծոցի Երկիրներ Արտածելու Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Արդիւնաբերութիւնը Սէուտական Արաբիա Եւ Ծոցի Երկիրներ Արտածելու Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլան, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահ Աուն Հուպալլայի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սիմենթի արտադրութեան եւ լիբանանեան արդիւնաբերութիւնը Սէուտական Արաբիա ու Ծոցի երկիրներ արտածելու վերաբերող հարցեր: Հուպալլա նախագահական պալատէն յայտարարեց, որ յունիս ամսուան երկրորդ շաբթուան ընթացքին պիտի ստորագրուի Լիբանանի մէջ «Սփութնիք» պատուաստը...

Արաբական Երկիրներու Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարները Երկու Տարիով Յետաձգեցին Համաարաբական Խաղերը

Արաբական Երկիրներու Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարները Երկու Տարիով Յետաձգեցին Համաարաբական Խաղերը

Արաբական երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդը գումարեց իր 44-րդ նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ երկու տարիով յետաձգել Համաարաբական խաղերը, որոնք պիտի կայանային այս տարուան ընթացքին,  Իրաքի մէջ: Ինքնաբերաբար Լիբանանի մէջ 2025-ին կայանալիք Համաարաբական խաղերը յետաձգուեցան 2027-ին: Առցանց նիստին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ եւ նախարարութեան...

Ուահապ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Յառաջիկայ Մարտին Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունենան Կանխահաս Նախագահական Ընտրութիւններ»

Ուահապ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Յառաջիկայ Մարտին Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունենան Կանխահաս Նախագահական Ընտրութիւններ»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կը պահանջուի հատուցման քարտի դրութիւն մը, որ մէկ միլիառ տոլար կ՛արժէ: «Ասիկա կը պատահի այն ատեն, երբ արդէն իսկ 7 միլիառ տոլար տրամադրուած է առեւտրականներուն, որոնք իրենց կարգին գործընկեր են քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ: Մենք հարց կու տանք, թէ դեղորայքը ո՞ւր կ՛երթայ: Քաղաքական այս տեսակի պատասխանատուներով ոչ ոք լիբանանցիներուն...

Page 412 of 988 1 … 411 412 413 … 988

Արխիւներ