Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Միջազգային Դրամատունէն Խնդրեց Վերադասաւորել Լիբանանի Տրուած, Սակայն Տակաւին Չօգտագործուած Վարկերը

June 8, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութեան հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ բարեկարգումներու գործադրութիւնը, որոնց շարքին առաջնահերթութիւն կը նկատուի իրաւական հաշուեքննութիւնը, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար իր դիմագրաւած ներկայ տագնապը լուծել` առանց բարեկարգումի:

Նախագահ Աուն Պալհաժին ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները, որոնց կողքին նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն պարտադրած բեռն ու երկրին սահմանային անցքերուն փակումը, որ պատճառ դարձաւ Լիբանանի տնտեսական եւ արտաքին առեւտուրի զարկերակին փակումին:

Քննարկուեցաւ Լիբանանի մասին Միջազգային դրամատան պատրաստած տեղեկագիրը, որուն շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն հաստատեց, որ եթէ այդ տեղեկագիրին մէջ ներառուած ըլլար սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, անիկա շատ աւելի վատ դուրս կու գար:

Նախագահ Աուն Պալհաժի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորած ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Պալհաժ յայտնեց, որ Միջազգային դրամատունը միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ պիտի շարունակէ այդ զօրակցութիւնը:

Ան հաստատեց, որ Միջազգային դրամատունը յանձնառու կը մնայ ընկերային ապահովութեեան ցանցին շրջագիծին մէջ 265 միլիոն տոլար տրամադրել Լիբանանին, ինչպէս նաեւ այդ գումարին վրայ 300 միլիոն տոլար աւելցնել` աւելի աղքատ ընտանիքներուն զօրակցելու նպատակով:

Նախագահ Աուն Միջազգային դրամատունէն խնդրեց վերադասաւորել այն վարկերը, որոնք տրամադրուած են Լիբանանին, սակայն տակաւին չեն օգտագործուած:

Պալհաժ խոստացաւ ընդառաջել:

Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան աշխատանքներն ու պաշտօնական հաստատութիւններուն դերակատարութիւնը` հսկելու այս միութիւններու աշխատանքին:

Պալհաժ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասան Տիապ իր կարգին ընդունեց Պալհաժը, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորած ծրագիրներուն գործադրութեան գործիքակազմը:

 

 

Նախորդը

Քանաան. «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ը Սահմանադրական Է Եւ Ժամանակաւոր»

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.