Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի. «Կը Կարծեմ, Որ Ներկայ Կառավարութիւնը Պիտի Կազմակերպէ Յաջորդ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

June 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երբ ինք յայտարարած է, թէ լիբանանեան ընկերային անվտանգութիւնը խախտած է եւ ապակայուն վիճակ կը պարզէ, ապա անիկա վտանգի փող հնչեցնելու համազօր եղած է:

Ֆահմի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը երկար պիտի տեւէ, որովհետեւ բոլորը իրենց շահերը կ՛որոնեն:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք կը կարծէ, թէ ներկայ կառավարութիւնը պիտի կազմակերպէ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ան նշեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպման նախնական ծրագիր մը պատրաստած է` նախատեսելով, որ ընտրութիւնները կրնան կայանալ 8 կամ 15 մայիս 2022-ին:

Սկզբունքով երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին` հիմնուելով ընտրական ներկայ օրէնքին վրայ:

Ֆահմի դիտել տուաւ, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները առաւելագոյնը երեք ամիսով յետաձգելու ծրագիր պիտի մշակէ` նկատի ունենալով, որ անոնք կը զուգադիպին երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Ֆահմի յայտնեց, որ ինք ամէն ձեւով պատրաստ է օգտակար հանդիսանալու եւ պարտականութիւն ստանձնելու, եթէ կարիք զգացուի:

Ան խստիւ քննադատեց դատական իշխանութիւնները` հաստատելով, որ անոնք մեծ սխալներ կը գործեն, եւ աւելցուց, որ փտած դատաւորներուն համեմատութիւնը մեծ է:

Ֆահմի ընդգծեց, որ ինք մտահոգ է Լիբանանի մէջ ընկերային ապահովութեան խախտումի հաւանականութենէն` աւելցնելով, որ ինք կը վստահի լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին եւ զայն կը տեսնէ իբրեւ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. Տել Քոլ Նախագահեց Եռակողմանի Նիստին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.