ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 71 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց զբօսաշրջութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէն, որուն հետ քննարկեց արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ զբօսաշրջութեան նպատակով Լիբանան վերադառնալու իրողութիւնն ու զբօսավայրերուն մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով ապահովական համակարգում կատարելու կարեւորութիւնը:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ երկրին մէջ տնտեսական եւ ծառայութիւններու փլուզումը հսկայական է` աւելցնելով, որ այս կացութեան պատասխանատու է երեք տասնամեակներէ ի վեր երկրին իշխող քաղաքական համակարգը: «Եթէ անմիջապէս կառավարութիւն չկազմուի, ապա Լիբանանը ամբողջութեամբ պիտի փլուզուի», ըսաւ ան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա յայտնեց, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը երկրին փլուզումը կասեցնող նոր կառավարութեան մը կազմութիւնն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ փլուզումը կը քանդէ երկիրն ու անոր հիմերը, իսկ ոմանք տակաւին կը յանդգնին արգելակել կառավարութեան կազմութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հարց տուաւ, թէ արդեօք պատասխանատուները պիտի հրաժարի՞ն իրենց անձնական հաշիւներէն եւ անձնասիրութենէն, որպէսզի երկիրը իր զաւակներուն մնայ: Ան հաստատեց, որ լիբանանցիները ենթադրուած են իրարու միջեւ համախոհութիւնն ու փոխըմբռնումը պահել` պաշտպանելու համար հայրենիքն ու ամրապնդելու համար զայն:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի խորհրդարանէն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ խորհրդարանին դէմ կ՛ընդվզի եւ ինքզինք անջատ իշխանութիւն կը նկատէ: Ան աւելցուց, որ Սալամէի բեմադրած թատրոնը պէտք է վերջ գտնէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը վաւերացուց եւ խորհրդարանի լիագումար նիստին փոխանցեց այն օրինագիծը, որուն համաձայն արտակարգ եւ ժամանակաւոր սահմաններ պիտի զետեղուին դրամատնային փոխանցումներուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ պահանջուած է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմել կառավարութիւն մը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերով:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով այս շաբթուան օրերը պիտի ըլլան վճռական:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Քաթար վերածուած է Իսլամ եղբայրներուն եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ծրագիրները ֆինանսաւորող նիւթական ֆոնտի մը, «հետեւաբար պէտք է զայն մեկուսացնել», ըսաւ ան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ահմետ Ֆաթֆաթ հաստատեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մերժէ հրաժարիլ կառավարութիւն կազմելու պաշտօնէն` աւելցնելով, որ Հարիրի կը փափաքի Լիբանանը փրկել իր այս կացութենէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Պեքաայի եւ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալեց 7 քաղաքացիներ` 6 լիբանանցիներ եւ սուրիացի մը, ինչպէս նաեւ ձախողեցուց դէպի Սուրիա փոխադրուող 42.750 լիթր մազութի եւ 3850 լիթր պենզինի մաքսանենգումը: Բանակը գրաւեց նաեւ այն բեռնատարներն ու ինքնաշարժները, որոնք բեռցուած էին վառելանիւթով: