Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետզհետէ Շեշտուող Քաղաքատնտեսական Խռովայոյզ Մթնոլորտին Մէջ. Լուծման Խաղաղարար Ճիգերը Կը Շարունակուին Բազմաճիւղ Ուղղութեամբ

Յունիս 7, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրըստօրէ Լիբանանի մէջ ընկերային- տնտեսական կացութիւնը եւ առհասարակ ապրուստի կենցաղային պայմանները կը վատթարանան` յուսալքիչ մթնոլորտ ստեղծելով քաղաքացիներուն մօտ: Արդարեւ, տեղական թէ արտաքին հաւաստի աղբիւրներ եւ կազմակերպութիւններ կը զգուշացնեն Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ոչ նախանձելի կացութեան գահավիժումի հաւանականութենէն: Փաստօրէն, արտագաղթողներու թիւը զգալի աճ կ՛արձանագրէ, նոյնպէս եւ անգործներու թիւը, որ շրջանցած է  աշխատող մարդուժի 60 առ հարիւր համեմատութիւնը: Իսկ լիբանանցիներու յիսուն առ հարիւրը արդէն իսկ շրջանցած է ծայրայեղ աղքատութեան կարմիր գիծը, ինչպէս հաստատած էր վերջերս Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ տեղեկագիրը` միաժամանակ քննադատելով Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան ելեւմտական քաղաքականութիւնը:

Լիբանանցիներու` իբրեւ մա՛րդ գոյատեւելու տարրական կարիքներու աստիճանական շիջումին կողքին, շաբաթավերջին ահազանգ հնչեց նաեւ առնչակից մէկէ աւելի մարզերու գծով, ինչպէս` դեղորայքի սակագիներու յաւելման եւ անոնց հրապարակէն «անհետացման» մտավախութիւնը: Նմանապէս` պետական թէ ելեկտրածին շարժակներու «արդիւնաւէտութեան» տկարացման բերումով երկիրը ամբողջական մթութեան կամ գէթ օրական  քանի մը ժամուան լուսաւորման վտանգը եւ ասոնց կողքին յառաջիկայ երկու շաբաթներուն համացանցի ամբողջական ընդհատման մտավախութիւնները, նոյնքա՛ն մտահոգիչ մարտահրաւէրներ են ցցուած` հրաժարած կառավարութեան եւ պատկան մարմիններուն դէմ: Կարգ մը կողմեր այս բոլորին հիմնական պատասխանատուն կը նկատեն Կեդրոնական դրամատունը, որ «կը խուսափի ելեկտրականութեան բանեցման համար անհրաժեշտ գումարի հայթայթման քայլէն»: Իր կարգին, Կեդրոնական դրամատունը իր կեցուածքը կ՛արդարացնէ այն սպառնալիքներով, զորս կը ստանայ չգործածելու երկրի պահեստի գումարը, այլապէս դատական հայցի ենթարկուելու պատասխանատուութեամբ:

Կացութեան այս մթնոլորտին լոյսին տակ առնչակից կողմեր կը շարունակեն իրենց քուլիսային ճիգերը` գէթ «ջուրին երեսը փրկող» լուծման մը յանգելու յոյսով:

 

Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վճռական է իր նախաձեռնութեան իրագործման գծով, հակառակ «աջէն ու ձախէն ծագող խոչընդոտներուն»: Այս գծով անոր աջ բազուկը նկատուող ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութեամբ ահազանգ հնչեցուց, թէ քանի մը օրուան ընթացքին անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւնը, այլապէս` երկիրը կ՛ուղղուի դէպի համատարած փլուզում»:

Իր կարգին, նախկին նախարար Մարիօ Աուն հաստատելով հանդերձ, թէ «հորիզոնին վրայ կառավարութեան կազմութեան յոյսեր չկան, սակայն ճիգերը կը շարունակուին»:

Նմանապէս, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան  Եասին Ժապերի համաձայն, Միջազգային դրամական ֆոնտը տրամադիր է երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել ելեկտրականութեան համար` նախապայմասն դնելով կառավարութեան կազմութիւնը:

Իսկ նախկին նախարար Սըժաան Քազզէ երէկ գիշեր պատկերասփռուած յայտարարութեամբ նշեց, թէ ճիգերը չեն ընդհատուած Այն Թինէի եւ Պքերքէի միջեւ:

Նաեւ` Արտաքին Մակարդակի Վրայ

Հակառակ Լիբանանի պատկան կողմերուն ուղղուող քննադատական արտաքին կեցուածքներուն, այսուհանդերձ Լիբանանը իր ճգնաժամէն դուրս բերելու գծով արտաքին կողմերու ճիգերը կը շարունակուին:

Արդարեւ, նախապատրաստական քայլեր կը տեսնուին 16 յունիսին նախատեսուող Պայտըն-Փութին վեհաժողովին լիբանանեան «հարցը» օրակագի վրայ զետեղելու:

Ֆրանսա կը մտադրէ լիբանանեան բանակի զօրակցութեան յատուկ համագումարի կողքին ուրիշ համագումար մը եւս կազմակերպել` յատուկ Լիբանանի ընդհանուր կացութեան քննարկման, ուր օրակարգի կիզակէտը պիտի կազմեն լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութեանց նախապատրաստութիւններն ու լիբանանցիներուն տրամադրուելիք ֆրանսական օժանդակութիւնները: Ըստ նախկին նախարար Սըժաան Քազզէի, այդ օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին քաղաքապետութեանց եւ ոչ թէ կառավարական կազմակերպութիւններուն միջոցով:

Ռուսիա եւս հեռու չէ լիբանանեան իրավիճակին հետեւող արտաքին կեցուածքներէն: Այս իմաստով Մոսկուա կը շարունակէ լիբանանեան գլխաւոր կողմերու ղեկավարներուն հետ իր տեսակցութիւնները, եւ այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ մօտերս այցելէ Մոսկուա, որուն պիտի յաջորդէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի այցելութիւնը 15 յունիսին:

Իր կարգին, Վատիկան եւս վերջերս կոչ ուղղեց 1 յուլիսին հանդիպում մը կայացնելու Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն միջեւ: Հռոմի պապին այս նախաձեռնութիւնը կու գայ վերաշխուժացնելու եւ վերամրագրելու Լիբանանի «առաքելութիւնը` իբրեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան եւ կամրջումի օրրան» ըլլալու հանգամանքը: Հոգեւոր այս հանդիպումին հրաւիրուած են Լիբանանի քրիստոնեայ գլխաւոր վեց համայնքապետներ, ներառեալ աւետարանականներու ներկայացուիչ համայնքապետը:

Սակայն ըստ իրազեկ եւ հաւաստի աղբիւրներու, տեղական ու յատկապէս միջազգային ճիգերու արդիւնաւորման պատկերը կրնայ յստականալ հազիւ յառաջիկայ սեպտեմբերին: Մինչ այդ, լիբանանցիներու գլխաւոր մաղթանքը պիտի ըլլայ յաւելեալ բարդութիւններու կանխարգիլումը եւ իրենց կենցաղային գէթ տարրական կարիքներուն (հաց, ջուր, ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ…) ապահովումը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հայ Զինուորն Է Այսօր Միակ Երաշխաւորը Հայրենի Պետականութեան»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?