Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եոաննա Վրոնեսքա Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչի Պաշտօնը

June 4, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեսքան` ընկերակցութեամբ փոխներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտիի:

Նշենք, որ Իան Քիւպիչէն ետք Վրոնեսքա նշանակուած էր ստանձնելու համար Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի պաշտօնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գործող կազմակերպութիւններուն եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին մատուցուած ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնները:

Նախագահ Աուն Վրոնեսքային յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով` հաստատելով, որ բոլոր մարզերուն մէջ Լիբանան պիտի շարունակէ գործակցիլ ՄԱԿ-ին եւ անոր պատկանող բոլոր հաստատութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն հետ:

Վրոնեսքա այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ հանդիպումը դարձեալ ստացաւ ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ իր կարգին ընդունեց Վրոնեսքան:

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր ընդունեց Վրոնեսքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` տիրող քաղաքական եւ տնտեսական տագնապալի պայմաններուն լոյսին տակ:

Աքըր շեշտեց միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին օժանդակելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել իր դիմագրաւած այս լուրջ տագնապէն:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող թղթածրարը եւ զանոնք հիւրընկալող շրջանակներուն օժանդակութիւն տրամադրելու ՄԱԿ-ի մարդասիրական օժանդակութիւններու տրամադրումը:

Աքըր շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին Լիբանանը պաշտպանելու եւ լիբանանեան հիւրընկալ հասարակութեանց օժանդակութիւն տրամադրելու առումով:

Ան շեշտեց նաեւ, որ ՄԱԿ Լիբանանին անմիջական օժանդակութիւն տրամադրած էր նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու արշաւին ընթացքին:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն, յատկապէս` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Իր կարգին, Եոաննա Վրոնեսքա յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր` շեշտելով, որ անոնց լուծումը կ՛ենթադրէ պետական ազդու հաստատութիւններու գոյութիւնը, որոնց շարքին նաեւ գործունեայ կառավարութիւն մը, որուն ուղղուածութիւնը կը կեդրոնանայ բարեկարգումներ իրագործելու վրայ:

«Լիբանան տարբեր մակարդակի տագնապներ կը դիմագրաւէ, իսկ անոր ժողովուրդը կը տառապի: Ցաւ ի սիրտ անոր տառապանքը օրըստօրէ աւելի եւս կը շեշտուի: Լիբանան բացառիկ կարողութիւններ ունեցող խոստմնալից երկիր է, եւ պէտք է յանգիլ լուծումներու:

Համոզուած եմ, որ Լիբանան պիտի կարենայ լուծել իր տագնապները եւ կերտել աւելի լաւ ապագայ մը», հաստատեց ան:

Վրոնեսքա վերահաստատեց ՄԱԿ-ի յանձնառութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին, լիբանանցիներուն, երկրին խաղաղութեան, ապահովութեան, կայունութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական բարգաւաճման:

 

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախագահեց Խթանիչ Դեղերու Գործածութեան Դէմ Պայքարելու Նիստի Մը

Յաջորդը

Տոլարով Հաշիւ Ունեցողները Պիտի Շարունակեն 3900-ի Սակին Հիման Վրայ Ստանալ Իրենց Գումարները

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.