Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 10 Ամիս Ետք Ամէն Ինչ Կը Մնայ Անորոշ, Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Թուի Անկարելի Ըլլալ

June 5, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն 10 ամիս ետք երկրին մէջ անորոշութիւնը կը շարունակուի, իսկ պայթումին մասին հետաքննութիւնը ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգի:

Երէկ երեկոյեան Պէյրութի պայթումին պատճառով հարազատներ կորսնցուցած քաղաքացիները բողոքի նստացոյց մը կատարեցին նաւահանգիստին դիմաց գտնուող արտերկրի լիբանանցին խորհրդանշող արձանին շուրջ:

Այս առիթով խօսք առաւ Իպրահիմ Հթէյթ եւ նշեց, որ իրենք կը մերժեն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կատարուելիք որեւէ բարենորոգում կամ շինարարութիւն կամ հաստատութիւններու ստեղծում, նախքան պայթումի հետաքննութեան արդիւնքներուն հրապարակումը եւ ճշմարտութեան բացայայտումը:

Ան իր խօսքը ուղղեց Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի, որ շեշտած էր, թէ ամբաստանեալներուն լսումները աւարտելէ ետք յանցագործները պիտի հարցաքննէ:

Հըթէյթ հաստատեց, որ երեսփոխանական պլոքները պէտք է համաձայն գտնուին յանցագործ երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու` աւելցնելով, որ նիստերէն խուսափող որեւէ պլոք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մեղսակից պիտի նկատեն: Ան շեշտեց նաեւ, որ զոհերուն ընտանիքները զգուշացման նստացոյցեր պիտի կատարեն խորհրդարանին դիմաց:

Կառավարութեան կազմութեան գծով, թէեւ ֆրանսացիներն ու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող իրենց առաջադրած նախաձեռնութիւնները տակաւին ի զօրու են, սակայն գետնի վրայ կառավարութեան կազմութեան ոչ մէկ յոյս գոյութիւն ունի:

Քաղաքական բազմաթիւ ուժեր եւ անձնաւորութիւններ կը հաստատեն, որ այդ ջանքերը, որոնք ի գործ դրուած են, յօդս ցնդած են:

Միւս կողմէ, քաղաքական ուժերու մակարդակին վրայ հաղորդագրութիւններու կռիւը շարունակուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքին ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց լիբանանեան մամուլին մէջ լոյս տեսնող այն յօդուածները, որոնք անճիշդ տեղեկութիւններ կը բովանդակեն եւ իրենց անստոյգ պարունակով կը միտին կառավարութեան կազմութեան մասին հասարակութիւնը հրահրել քաղաքական ուժերուն եւ անձնաւորութիւններուն, յատկապէս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Պասիլ դրական կերպով կը մօտենայ կառավարութեան կազմութեան իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը կազմելու ներքին եւ արտաքին հաղորդակցութիւններուն:

Մուսթաքպալ հոսանքը անմիջապէս Ազգային ազատ հոսանքին պատասխանեց հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ հարց կը դրուի, թէ ինչպէ՞ս նախաձեռնութիւններուն դիմաց արգելակումներ դնողը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ լուծումներ ապահովող անձնաւորութիւն:

Կառավարութիւն մը կազմելու անկարելիութեան եւ տնտեսական ու ելեւմտական տագնապը լուծելու անկարողութեան դիմաց գտնուող երկրին իշխանութիւնը մատնուած է անել կացութեան, որուն շրջագիծին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին, որմէ խնդրեց նկատի ունենալ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական սուր տագնապը, որուն պատճառով կառավարութիւնը անկարող է ֆինանսաւորել իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնն ու աշխատանքները, հակառակ անոր որ այդ ատեանին առաքելութեան նկատմամբ Լիբանան յանձնառու կը մնայ:

Տիապ իր նամակով խնդրեց Կութիերեսէն, որ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը ֆինանսաւորելու այլ աղբիւրներ եւ միջոցներ ապահովէ` Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն օժանդակութեամբ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ապի Ռամիայի Հետ Քննարկեց Փարիզ Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները

Յաջորդը

Հայաստանի Քննչական Կոմիտէ. «Զինուորներուն Դիակներն Ու Մասունքները Անհրաժեշտ Պայմաններու Մէջ Չեն Պահպանուած»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.