Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հիւսէյն Օմարի, երէկ այցելեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի:
Հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հասանին, որ միշտ կ՛ընդառաջէ արտաքին մրցաշարքերու մասնակցող լիբանանեան մարզական պատուիրակութիւններուն պատուաստ տրամադրելու խնդրանքներուն:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասանին առաջարկեց մարզիկները պատուաստելու մարաթոն մը կազմակերպել:
Այս շրջագիծին մէջ քննարկուեցան այն գործիքակազմերը, որոնք պէտք է որդեգրուին` կատարելու համար պատուաստումի այս արշաւը, ինչպէս նաեւ տրամադրուելիք պատուաստին տեսակը:
Այս առաջարկն ու անոր գործիքակազմը պիտի փոխանցուին պատուաստումի յատուկ գիտական յանձնախումբին, որպէսզի ան եւս իր արժեւորումը կատարէ:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասանէն խնդրեց, որ նախարարութիւնը դեղորայքի կարգ մը տեսակներ որակէ իբրեւ խթանիչ դեղեր` պարտադրելով, որ դեղորայքի ընկերութիւնները զգուշացման յայտարարութիւն զետեղեն անոնց վրայ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի չափանիշներուն համաձայն:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան խնդրեց նաեւ, որ խթանիչ դեղերու գործածութիւնը բացայայտող քննութիւններուն առումով նախարարութեան կողմէ լիբանանցի մարզիկներու քննութիւններուն ցուցանմուշները դուրս ուղարկուելու իմաստով դիւրութիւններ տրուին:
Համատ Հասան խոստացաւ լուծել այդ հարցը: