Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Նախագահեց Խթանիչ Դեղերու Գործածութեան Դէմ Պայքարելու Նիստի Մը

Յունիս 4, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց համադրումի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ մարզիկներու կողմէ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պայքարելու միջոցներն ու քայլերը:

Այս նիստը գործնական առաջին քայլը կը նկատուի 15 հոկտեմբեր 2019-ին կառավարութեան կողմէ տրուած թիւ 145 որոշումին, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանան կը հետեւի մարզիկներուն կողմէ խթանիչ դեղերու գործածութիւնը արգիլող միջազգային օրէնքին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պայքարող յանձնախումբի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ եւ համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Նիստին առցանց տարբերակով միացան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչներ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնատեղիէն:

Նիստին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց Լիբանանի մէջ խթանիչ դեղերու գործածութիւնը արգիլող այս արշաւին կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ այս իմաստով միջազգային օրէնքին գործադրութեան, մարզական մրցաշարքերը արդար եւ պարկեշտ ձեւով կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ մարզիկներու առողջութիւնը պաշտպանելու:

Համաձայնութիւն գոյացաւ կազմելու յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն համապատասխան նախարարութիւնները, ինչպէս` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, առողջապահութեան, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէն: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հսկել եւ նախանձախնդիր մնալ, որ Լիբանան յարգէ մարզիկներուն կողմէ խթանիչ դեղեր չգործածելու միջազգային համաձայնագիրի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարի այդ դեղերուն գործածութեան դէմ:

Նշենք, որ նախարարի պաշտօնակատարը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքուպու Թաքիշին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, լիբանանեան կարգ մը մարզական ֆետերասիոններու սարքեր նուիրելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան աշխատանքները համակարգչային դրութեամբ օժտելու ծրագիրին ֆինանսաւորումը:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի Եւ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգման Փորձ Մը

Յաջորդը

Եոաննա Վրոնեսքա Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչի Պաշտօնը

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?