Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը Քննարկեց Լիբանանեան Արտադրութիւններուն Սէուտական Արաբիա Մուտք Գործելու Արգելքը Վերացնելու Միջոցները

June 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսութեան, առեւտուրի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանիի գումարեց նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր, ինչպէս նաեւ նախարարի պաշտօնակատարներ Մոհամետ Ֆահմի` ներքին գործոց, Իմատ Հուպալլա` ճարտարարուեստի, Ապպաս Մուրթատա` երկրագործութեան եւ Ղազի Ուազնի` ելեւմուտքի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան արտադրութիւններուն Սէուտական Արաբիա մուտք գործելու արգելքը վերացնելու միջոցները, ինչպէս նաեւ այն արմատական դասաւորումները, որոնք պէտք է անմիջականօրէն որդեգրուին, ըլլան անոնք կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ դասաւորումներ:

Հանդիպումին ներկաները կազմեցին նախարարական յանձնախումբ մը` գլխաւորութեամբ Մոհամետ Ֆահմիի:

Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ գործադրել որոշուած դասաւորումները, որոնց շրջագիծին մէջ Սէուտական Արաբիա արտածուող լիբանանեան արտադրութիւնները պիտի քննուին:

Լիբանանեան արտադրութիւնները Սէուտական Արաբիա պիտի արտածուին միայն Պէյրութի նաւահանգիստէն:

Նախարարական յանձնախումբին վստահուեցաւ նաեւ լիբանանեան-սէուտական քաղաքական եւ տնտեսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու առաքելութիւնը, որպէսզի Լիբանանին եւ անոր ճարտարարուեստին նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատուի:

Այս շրջագիծին մէջ, ծրագրուած է նաեւ լիբանանեան եւ սէուտական մաքսատուներուն միջեւ ստորագրել փոխադարձ գործակցութեան յուշագիր մը եւ շարունակել աշխատանքը:

Կը նախատեսուի, որ «Քեփթակոն» դեղահատերու փոխադրման համար քողարկուած նուռի բեռքի թղթածրարին շուրջ հետաքննութիւն բացուի եւ դատական քննութիւններուն մասին լիբանանեան հանրային կարծիքը իրազեկուի:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Վրոնեսքան

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Գերապայծառ Ասատուրեանի Հետ Քննարկեց Երկրին Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.