Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեսքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն կը պատրաստուի մեկնելու Բրիտանիա` Ֆրանսա կատարած իր յաջող այցելութենէն ետք:
Նշենք, որ զօր. Աունի Ֆրանսա կատարած այցելութեան լոյսին տակ որոշուած էր լիբանանեան բանակի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպել:
Պէտք է ընդգծել, որ Բրիտանիա մաս կը կազմէ լիբանանեան բանակին զօրակցող մեծ պետութիւններուն, ինչպէս` Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան:
Լիբանանեան բանակը կարիքը ունի երեք տեսակի օժանդակութեան` զինուորին եւ անոր ընտանիքին բուժումը, զինուորին ապրուստը եւ ընկերային կարիքները, ինչպէս նաեւ գումակային եւ զինուորական անոր կարիքները, ինչպէս` տարազ, զէնք, զինուորական մարզումներ եւ այլն:
Կը նախատեսուի, որ Բրիտանիա զինուորական մարզումներ եւ տարազ տրամադրէ լիբանանեան բանակին, Ֆրանսա անոր առօրեայ կարիքները հոգայ, իսկ Միացեալ Նահանգներ զինեն եւ ֆինանսաւորեն բանակը:



