Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Մէջ. Տել Քոլ Նախագահեց Եռակողմանի Նիստին

June 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու ու լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ լիբանանեան կողմը դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ անզէն քաղաքայիններ թիրախ դարձնելու արարքները, որոնց պատճառով նահատակուեցաւ լիբանանցի երիտասարդ Մոհամետ Թահհանը:

Լիբանանեան կողմը դատապարտեց նաեւ

իսրայէլեան ուժերուն գործած ցամաքային, ծովային եւ օդային ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ներառած բոլոր խախտումները:

Լիբանանեան բանակը ընդգծեց թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

Լիբանանեան բանակը շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը պէտք է դուրս գան իրենց բռնագրաւած լիբանանեան տարածքներէն, յատկապէս սահմանային Կապոյտ գիծի հիւսիսային շրջանէն, Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Ղաժարէն` վերջ տալով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իրենց ոտնձգութիւններուն:

Տել Քոլ հաստատեց եռակողմանի նիստին կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները պէտք է իրենց ետին ձգել եւ անոնցմէ դասեր քաղել` պաշտպանելու համար սահմանային կայունութիւնը:

«Ապահովական մագլցումներէ հեռու մնալու ձեր նպատակը յստակ էր», ըսաւ Տել Քոլ:

ՄԻՒՍ կողմէ, Իսրայէլի հաւանական վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը պիտի չսառեցնէ Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերու ծրագիրը, այլ` Կազայի կամ Լիբանանի դէմ զինուորական գործողութիւններ պիտի սանձազերծէ, եթէ անոնց կարիք զգացուի:

 

Նախորդը

Ֆահմի. «Կը Կարծեմ, Որ Ներկայ Կառավարութիւնը Պիտի Կազմակերպէ Յաջորդ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Առողջապահութեան Նախարարին Առաջարկեց Մարզիկները Պատուաստելու Մարաթոն Մը Կազմակերպել

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.