Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 81 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան շեշտեց, որ իրենց դեղորայքի մաֆիային դիմադրելու պատիւը ունին` աւելցնելով, որ վերատեսութեան պիտի ենթարկեն բժշկական պիտոյքներուն սակերը: Ան շեշտեց, որ առողջապահական անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է, եւ դեղորայքի վաճառքը չարաշահողներուն ու անոնց փտածութեան դէմ պայքարը...

Վառելանիւթի Տագնապը Կը Գտնուի Լուծման Սեմին,  Իսկ Բժիշկները Կը Պահանջեն Առողջապահութեան  Միջազգային Կազմակերպութեան Միջամտութիւնը

Վառելանիւթի Տագնապը Կը Գտնուի Լուծման Սեմին, Իսկ Բժիշկները Կը Պահանջեն Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Միջամտութիւնը

Մինչ վառելանիւթ ստանալու նպատակով երթեւեկի ահռելի խճողումը կը շարունակուի,  իսկ լիբանանցին իր զզուելի առօրեային մէջ պենզինի կայարաններուն դիմաց ժամեր կը յատկացնէ ինքնաշարժին համար պենզին ապահովելու, երկրին մէջ տիրող ապրուստի պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցերը, որոնք ընդհանրապէս երեկոյեան կը սկսէին եւ կէս գիշերին կ՛աւարտէին, երէկ տեղի ունեցան առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ: Ցուցարարներ երկու ուղղութեամբ փակեցին Թաալպայայի ճամբան, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Քոռնիշ Մազրաայի...

«Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Օժանդակէ  Լիբանան Հասած Սուրիացի  Տեղահանուածներու Տունդարձին»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Օժանդակէ Լիբանան Հասած Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց «Եու. Էն. Հապիթեթ»-ի գործադիր տնօրէն Մայմունէ Մոհամետ Շերիֆը, որմէ տեղեկացաւ այն ծրագիրներուն մասին, որոնք «Եու. Էն. Հապիթեթ»-ի կողմէ կը գործադրուին Լիբանանի մէջ, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն եւ զանոնք հիւրընկալող հասարակութիւններուն օժանդակութեան վերաբերող: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով լիբանանցիներուն կամքը հզօր է...

Տիապի Որոշումով 4 Օգոստոսը  Յայտարարուեցաւ Ազգային Սուգի Օր

Տիապի Որոշումով 4 Օգոստոսը Յայտարարուեցաւ Ազգային Սուգի Օր

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ արտակարգ որոշումով մը 4 օգոստոսը նկատեց ազգային սուգի օր: Միւս կողմէ, Տիապ երէկ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն յայտնեց, թէ անոնց վէրքը խոր է ու վիշտը ծանր: «Ձեր ցաւը մեծ է, եւ աշխարհին մխիթարութիւնը պիտի չհատուցէ ձեր կորուստը եւ պիտի չվերադարձնէ ձեր սիրելիները: Ձեր ցասումը հասկնալի է եւ իրաւացի, որովհետեւ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց  Ապի Ռամիան Եւ Լիբանանի  Սկաուտներու Ֆետերասիոնը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Ապի Ռամիան Եւ Լիբանանի Սկաուտներու Ֆետերասիոնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան վերաբերող հարցեր եւ օրինագիծեր: Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդունեց նաեւ Լիբանանի սկաուտներու ֆետերասիոնի նորընտիր վարչական խորհուրդը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Ղարիպի: Նախարարի պաշտօնակատարը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչական խորհուրդին, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուար...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 206 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Լիբանան ենթակայ է ներքին եւ արտաքին շրջափակումի: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ընդարձակ կերպով ապակեդրոնացեալ դրութիւնը հասարակութեան զարգացման հետ կապելը  վտանգաւոր է: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ հաստատեց,...

Նախագահ Աուն Չափակէյնէն Խնդրեց Օժանդակել`  Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը  Ապահովելու Լիբանանի Պահանջին

Նախագահ Աուն Չափակէյնէն Խնդրեց Օժանդակել` Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովելու Լիբանանի Պահանջին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Կարմիր խաչի ու Կարմիր մահիկի միութիւններու միջազգային համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ճական Չափակէյնը, որուն յայտնեց Լիբանանի գոհունակութիւնը այն օժանդակութեան համար, որ համադաշնակցութիւնը կը յատկացնէ Լիբանանին: Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն մէջ Կարմիր խաչի ու Կարմիր մահիկի միութիւններու միջազգային համադաշնակցութեան գրասենեակին Պէյրութ գտնուիլը կը փաստէ համադաշնակցութեան վստահութիւնը`...

Առողջապահութեան Նախարարութեան  Կազմակերպութեամբ «Ֆայզըր»  Պատուաստի Մարաթոն

Առողջապահութեան Նախարարութեան Կազմակերպութեամբ «Ֆայզըր» Պատուաստի Մարաթոն

Առողջապահութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ վաղը` շաբաթ, 12 եւ կիրակի, 13 յունիսին տեղի պիտի ունենայ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստումի «Ֆայզըր» մարաթոն, որուն կրնան մասնակցիլ 55 տարիքը բոլորած եւ աւելի երէց քաղաքացիները լիբանանեան բոլոր նահանգներուն մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: Մարաթոնին կրնան մասնակցիլ նաեւ յատուկ կարիքներ ունեցող անհատները, որոնք 16 տարիքը բոլորած եւ աւելի երէց քաղաքացիներ են: Նախարարութիւնը հաստատեց, որ...

Կեդրոնական Դրամատունը 12.000-ի  Սակին Հիման Վրայ Ամերիկեան Տոլար  Պիտի Վաճառէ Դրամատուներուն

Կեդրոնական Դրամատունը 12.000-ի Սակին Հիման Վրայ Ամերիկեան Տոլար Պիտի Վաճառէ Դրամատուներուն

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը ամերիկեան տոլար պիտի վաճառէ «Sayrafa» ելեկտրոնային հարթակին վրայ արձանագրուած դրամատուներուն: «Դրամատուներուն վաճառուելիք տոլարը պիտի ըլլայ ամերիկեան մէկ տոլարին փոխարէն 12.000 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ: Իսկ դրամատուները իրենց կարգին ամերիկեան տոլարը պիտի վաճառեն 12.120 լ. ոսկիի հիման վրայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: Այս ծառայութենէն օգտուիլ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 229 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, քննարկելու համար ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն տրամադրուելիք հատուցման քարտի օրինագիծն ու զայն ֆինանսաւորելու նպատակով արտակարգ նոր հաշիւ մը յատկացնելու կարելիութիւնը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ...

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին  Աշխուժացման Զուգահեռ Բողոքի  Ցոյցերը Կը Վերադառնան

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Աշխուժացման Զուգահեռ Բողոքի Ցոյցերը Կը Վերադառնան

Հակառակ լաւատեսութիւն առթել փորձող լուրերուն եւ վերլուծութիւններուն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ փշոտ ու լարուած մթնոլորտի մէջ, որ միայն կարելի է յոռետեսութեամբ բնորոշել: Այս առումով երէկ բացայայտուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Պայատայի իր բնակարանին մէջ ընդունած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական Ալի Հասան Խալիլը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական...

Նախագահ Աուն Կրթական Մարզին  Կատարեալ Զօրակցութիւն Յայտնեց

Նախագահ Աուն Կրթական Մարզին Կատարեալ Զօրակցութիւն Յայտնեց

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպը, որուն հետ քննարկեց կրթական մարզին վերաբերող հարցեր: Ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք եւ նախարարութեան խորհրդատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Հիլտա Խուրի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց կրթական մարզին եւ անոր բաղկացուցիչ մասերուն: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ կրթական մարզը Լիբանանի կենսական ոլորտն է...

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան  160-Ամեակին Առիթով Շնորհաւորութիւններ

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 160-Ամեակին Առիթով Շնորհաւորութիւններ

Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 160-ամեակին առիթով վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ շնորհաւորեց այդ ուժերը` ընդգծելով, որ անոնց զոհողութիւնները կը միախառնուին Լիբանանի պատմութեան, ներկային եւ ապագային հետ: «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը հսկեն լիբանանցիներու անվտանգութեան, լիբանանեան ընկերութեան եւ երկրին հաստատութիւններուն պաշտպանութեան: Ձեր հիմնադրութեան տօնը առիթ մըն է վերյիշելու համար, որ դուք մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէք վեհ հայրենիքի մը համար, ինչ ալ ըլլան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 139 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ երէկ սկսաւ մարոնի առաջնորդներու տարեկան հոգեւոր սիւնհոդոսը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ պատասխանատուներ լիբանանցիները վերածեցին մուրացկաններու եւ կարիքաւոր քաղաքացիներու: Ան հաստատեց, որ մարոնի եկեղեցին կը մերժէ լուռ մնալ, այլ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին պաշտպանելու մարդկային...

«Այս Շաբաթ Վճռորոշ Է` Կառավարութեան  Կազմութեան Առումով»   Շեշտեց Պըրրի

«Այս Շաբաթ Վճռորոշ Է` Կառավարութեան Կազմութեան Առումով» Շեշտեց Պըրրի

Լիբանանեան սեւ շուկային մէջ մէկ ամերիկեան տոլարին սակը երէկ հասաւ 14.000 լ. ոսկիի: Լիբանանեան դրամանիշին կրած այս արժեզրկումը, ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուող սղաճը, լիբանանցիին ապրուստի ահաւոր պայմանները, որոնց զուգահեռ կը յամենայ քաղաքական անորոշութիւնը, երկրին մէջ կը ստեղծեն յաւելեալ յուսալքուածութեան մթնոլորտ մը: Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները պիտի վերադարձուին 30 յունիս...

«Դատաւորները Պէտք Է Կառչած Մնան Իրենց  Պարկեշտութեան Եւ Իրենք Զիրենք Զերծ Կացուցեն  Այս Կամ Այն Խմբաւորումին Հետեւորդները Դառնալէ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Դատաւորները Պէտք Է Կառչած Մնան Իրենց Պարկեշտութեան Եւ Իրենք Զիրենք Զերծ Կացուցեն Այս Կամ Այն Խմբաւորումին Հետեւորդները Դառնալէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Սայտայի մէջ լիբանանցի 4 դատաւորներու սպանութեան 22-րդ տարելիցին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց նահատակ դատաւորներուն յիշատակը` ընդգծելով, որ 8 յունիս 1999-ին զինեալներուն դատարան մուտք գործելն ու դատաւորներուն սպանութիւնը կը մնայ քստմնելի ոճիր մը, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ արտակարգ է: Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց դատաւորներ Ուալիտ Հարմուշի, Հասան Օսմանի, Ասեմ Ապու Տահերի եւ Իմատ Շեհապի սպանութիւնը` զանոնք կոչելով...

Սէյիտ Նասրալլա. «Երբ Յուսախաբ Դառնանք  Լիբանանեան Պետութեան Ցուցաբերած Թերացումներէն`  Վառելանիւթը Իրանէն Պիտի Գնենք»

Սէյիտ Նասրալլա. «Երբ Յուսախաբ Դառնանք Լիբանանեան Պետութեան Ցուցաբերած Թերացումներէն` Վառելանիւթը Իրանէն Պիտի Գնենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով: Ան բարձր գնահատեց «Մանար»-ի առաքելութիւնն ու 30-ամեայ դերակատարութիւնը: Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր առողջութեամբ մտահոգ էին` հաստատելով, որ իր առողջութիւնը լաւ է եւ կը գնահատէ հարցնողներուն արտայայտած սէրը իր հանդէպ: «Առողջական վիճակս լաւ է եւ տակաւին կ՛երազեմ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Քննարկեց  Վոլիպոլի Վերաբերող Հարցեր

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Քննարկեց Վոլիպոլի Վերաբերող Հարցեր

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց վոլիպոլի ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան պատուիրակութենէն իմացաւ ֆետերասիոնին լիբանանեան եւ արտաքին ծրագիրներուն մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն մօտ յարուցուած դատական հարցին, որուն շրջագիծին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ վճիռի արձակման եւ նախարարութեան կողմէ փոխանցուելու  պարագային պէտք է անմիջապէս գործադրել զայն:  

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Նշանակեալ Վարչապետը Պէտք Է Վերջնական Որոշում Տայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանցիները տակաւին դրական արդիւնքներ կ՛ակնկալեն կառավարութեան կազմութեան նպատակով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութենէն, ինչպէս նաեւ կը յուսան, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կ՛ընդառաջէ Պըրրիի առաջարկին եւ սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտին, ինչպէս նաեւ ֆրանսական նախաձեռնութեան ճշդած տարազին համաձայն կառավարութիւն մը...

Քանի Մը Օրէն Մութի Ենթակայ Լիբանանը  Կը Շրջանցէ Այդ Մարտահրաւէրը` Կառավարութեան  Կազմութիւնը Պահելով Առաջնահերթ

Քանի Մը Օրէն Մութի Ենթակայ Լիբանանը Կը Շրջանցէ Այդ Մարտահրաւէրը` Կառավարութեան Կազմութիւնը Պահելով Առաջնահերթ

Ելեկտրական հոսանքի տագնապը լուծման հունին մէջ է: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արտակարգ համաձայնութիւն մը շնորհեց պետական գանձարկղէն առ հաշիւ գումար մը տրամադրելու Ելեկտրականութեան ընկերութեան` վառելանիւթ գնելու նպատակով: Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի նախարարաց խորհուրդի նախագահութեան յղեց նամակ մը, որուն մէջ խնդրեց համաձայնութիւն տալ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տրուելիք օտար դրամանիշով առ հաշիւ գումարին, որուն նպատակն է վառելանիւթ գնել: Ուազնի...

Page 410 of 988 1 … 409 410 411 … 988

Արխիւներ