Բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքին` ներկայացնելու համար իրենց առաջադրած
նախագահական փրկութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացին:
Բարեկարգչական երեսփոխաններու պատուիրակութեան անունով Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ արգիլելու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալը եւ վերահաստատելու համար պետութիւնը, պէտք է կատարել նախագահական ընտրութիւն եւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ համախմբող է եւ հանրապետութիւնը փրկելու յատկանիշներ ունի:
Խալաֆ յայտնեց, որ համաձայն գտնուած են օրէնքի պետութեան շուրջ, եւ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:
Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան օրէնքի պետութեան:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք կը խոստանան լիբանանցիներուն, որ իրենց ամբողջ ներուժը ի գործ պիտի դնեն` Լիբանանը աւելի լաւ վայրի մը վերածելու համար:
Հանդիպում` Պասիլի Հետ
Բարեկարգչական երեսփոխաններու այլ պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Նատա Պուսթանիի, Ղասսան Աթալլայի եւ Ժորժ Աթալլայի:
Հանդիպումէն ետք բարեկարգչական երեսփոխանները հաստատեցին, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները` բարեկարգչական նախագահի մը ընտրութեան նպատակով:
Անոնք ընդգծեցին, որ հակառակ քաղաքական տարակարծութիւններուն, պէտք է հանդիպիլ բոլորին հետ` նախագահական աթոռին թափուր մնալը կանխարգիլելու նպատակով:
Երեսփոխան Ժորժ Աթալլա շեշտեց, որ բարեկարգչական երեսփոխաններուն նախաձեռնութիւնը ողջոյնի արժանի է` աւելցնելով, որ իրենք անուններ չեն քննարկած, այլ` սկզբունքներ: «Յաջորդող օրերը ցոյց պիտի տան եւ պիտի փաստեն, որ անկեղծները միայն կրնան գործակցիլ մեզի հետ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենց եւ բարեկարգչական երեսփոխաններուն միջեւ հասարակ յայտարարը նախագահական աթոռի թափուր մնալը մերժելու կեցուածքն է:
Այն Թինէի Մէջ
Բարեկարգչական երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքին հետ:
Քննարկումներէն ետք բարեկարգչական երեսփոխանները մաղթեցին, որ հանդիպումին ընթացքին հնչած կեցուածքներն ու տեսակէտները գործի վերածուին` նախագահական ընտրութեան նիստին ընթացքին:
Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք դրական կերպով ընդունած են նախագահական փրկութեան նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախքան 31 հոկտեմբերը խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան նիստի մը` աւելցնելով, որ եթէ կարիք զգացուի, ան պատրաստ է նաեւ հրաւիրելու այլ նիստերու:
Հաւատարմութիւն
Դիմադրութեան Պլոք
Բարեկարգչական երեսփոխաններու այլ պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութեան գործընթացին վերաբերող բարեկարգչական երեսփոխաններուն նախաձեռնութիւնը:
Հարեթ Հրէյքէն կատարուած յայտարարութեան մէջ բարեկարգչական երեսփոխանները յայտնեցին, որ տակաւին շատ կանուխ է քաղաքական որեւէ ուժի հետ միացեալ կեցուածքներու յանգիլ, «սակայն Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին հետ կայացաւ անկեղծ երկխօսութիւն մը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ սեղանի վրայ զետեղել զէնքի եւ գերիշխանութեան հասկացողութիւնը», նշեցին անոնք:
Բարեկարգչական երեսփոխանները ընդգծեցին, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ ներկայացնէ բոլորը` աւանդական շրջագիծէն դուրս:
Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ Լիբանան չի կրնար նախագահական աթոռի թափուր վիճակ մը հանդուրժել: