Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 239 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.600 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 20.000 լ. ոսկիով, պիւթակազը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 1000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 638.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 653.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 790.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 350.000 լ. ոսկի:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս յայտնեց, որ հրապարակուած վառելանիւթի նոր սակացոյցը կը պարզէ այն սակերը, որոնք պետական օժանդակութեան ենթակայ չեն:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներու սենտիքային հետ առկայ պահանջներու հարցը 95 առ հարիւրով լուծուած է: Ան խոստացաւ, որ 10 շաբաթ ետք քաղաքացիները պիտի զգան հաղորդակցութեան ցանցերու մատուցած ծառայութեան բարելաւումը: Քըրըմ յայտնեց, որ «Ալֆա» եւ «Թաչ» հեռաձայնի ցանցերը պիտի գործեն այնպէս, ինչպէս կը գործէին 2018-ին, որովհետեւ պաշտօնեաներուն աշխատավարձի բարելաւումը ուղղակիօրէն կապուած է ծառայութիւններու բարելաւումին:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց երկրագործութեան մարզին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ այսուհետեւ գործարքներ պիտի չըլլան, եւ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ ան, որ կրնայ երկիրը իր դիմագրաւած տագնապէն փրկել: Հասպանի ընդգծեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը մերժելի է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Իզզէտտին շեշտեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը պէտք է հանդիպին` կատարելու համար նախագահական ընտրութիւնը, որպէսզի երկրին մէջ նախագահական աթոռը թափուր չմնայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ յայտնեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւնը այն է, որ դպրոցներուն դռները վերաբացուին եւ կեանքը վերադառնայ Լիբանանեան համալսարանին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք հաստատեց, որ կարելի չէ Լիբանանը տառապեցնող այս ճգնաժամէն դուրս գալ` բացի նախագահական ընտրութեան լիբանանացումով:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն պիտի չկազմուի` նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը: Ան աւելցուց նաեւ, որ լիբանանցի պատասխանատուները զբաղած են իրենց միջեւ հաշիւներու մաքրագործումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մանսուր Պթէյշ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան գործընթացի արգելակումը կը միտի երկրին տնտեսական իրավիճակի քայքայումը երկարաձգել: Ան նկատել տուաւ, որ առնուած այս քայլերը կը հաստատեն, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ կանխամտածուած ելեւմտական ոճիր մը կը գործադրուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումը արագ կերպով պիտի կատարուի` աւելցնելով, որ այդպիսով շատերու դերակատարութիւնը պիտի աւարտի: Եաագուպ նշեց, որ պատերազմի կամ որեւէ այլ զարգացումի մասին արտայայտութիւններն ու խօսքերը անհիմն են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն միջամտութիւնները կը բարդացնեն այդ ընտրութիւններուն կայացումը եւ կը հարուածեն լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղար եւ Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին տնտեսական աճի մեկնարկը կատարել ու դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները վերադարձնել եւ ոչ թէ դրամատուները պաշտպանել:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Իսրայէլի զինուորական նախկին ղեկավար Էմիր Պըրաամ հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ հաւանական որեւէ պատերազմ կարելի պիտի չըլլայ աւարտել առանց ցամաքային ճակատամարտի, որ շատ բուռն ու արիւնալի պիտի ըլլայ:

ՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼՈՎ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն արձանագրած  զարգացման լուրերը` իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնեց, որ հակառակ արձանագրուած յառաջդիմութեան, տակաւին մեծ աշխատանք կայ կատարուելիք, եւ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է որոշում տայ: «Քարիշի նաւթահորէն կազի արտահանման աշխատանքները պիտի սկսին, երբ համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքները աւարտին: Իսկ կազի արտահանման սարքերուն դէմ գործուելիք որեւէ յարձակում պիտի յանգի իսրայէլեան հակադարձութեան», շեշտեց պաշտօնատարը:

 

Նախորդը

Վերացման Ս. Խաչի Տօնի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Յաջորդը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Բանբեր. «Լիբանանեան Բանակին Հետ Օրական Դրութեամբ Կը Գործակցինք, Եւ Այս Իրականութենէն Ոչինչ Փոխուած Է»

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.