Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 77-րդ Ընդհանուր ժողովին Լիբանանի մասնակցութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անձա՞մբ կը մասնակցի ծովային սահմանագծումին եւ թէ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն առաջարկներ ներկայացուցա՞ծ է սահմանագծումին իմաստով, Պու Հապիպ ըսաւ. «Հոքշթայն Լիբանան այցելած է նոր առաջարկներով, որոնց մասին յայտարարութիւն չեմ կրնար կատարել: Իսկ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտէն պահանջած է սահմանագծումը կատարել, որովհետեւ ամերիկեան կողմը համոզուած է, որ այս կամ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին սահմանագծումի շուրջ համաձայնութիւնը պէտք է գոյանայ: Կը մաղթենք, որ ատիկա կարելի կը դառնայ»:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ բանակցութիւնները զարգացում արձանագրած են, սակայն տակաւին չեն աւարտած:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէ: