Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հաստատեց, որ լիբանանցիներուն ապահովութիւնը իրենց պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովական մնայուն ծրագիրը պիտի գործադրուի` շրջանին ապահովական կառոյցներուն հետ գործակցաբար եւ անձամբ իր վերահսկողութեամբ:
Մաուլաուի յայտնեց, որ ապահովական կայունութիւնը համաձայնութեամբ եւ իրարու գոհ պահելով կարելի չէ ապահովել, այլ` զայն պարտադրելով: «Օրէնքը կ՛արտօնէ, որ մենք ապահովական կայունութիւնը պարտադրենք եւ պիտի պարտադրենք», ըսաւ ան:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բոլոր իրադարձութիւններուն լրջօրէն կը հետեւին` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի ոճիրին մասին հետաքննութիւն բացուած է, իսկ այսօրուան նիստին նպատակն է Թրիփոլիի համար մնայուն ապահովական ծրագիր մը պարտադրել, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ապահովական եւ զինուորական միջոցառումները խստացնել:
Մաուլաուի յայտնեց նաեւ, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ ոչ մէկ լուծում ունի բանտերուն ելեկտրականութիւն հայթայթելու իմաստով, սակայն ներքին գործոց նախարարութիւնը պիտի լուսաւորէ բանտերը: Ան նշեց, որ համաներման պահանջը առկայ է, սակայն անիկա պիտի վաւերացուի քաղաքական յարմար պահուն: Մաուլաուի նշեց, որ ինք առաջարկած է բանտարկութեան տարուան տեւողութիւնը 6 ամսուան նուազեցնել` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիագումար նիստին ընթացքին այդ օրինագիծը քուէարկութեան պիտի ներկայացնէ:


