Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Հոքշթայնէն Ստացանք Ծփաններու Վերաբերող Համակարգումներ»

September 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ   յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնէն ստացած են ծփաններու վերաբերող համակարգումներ, իսկ ցամաքային կէտերու մասին, ինչպէս` «Պի 1» ցամաքային կէտին մասին խօսք բնաւ չէ եղած:

«Ոչ ոք Լիբանանէն պահանջած է ցամաքային սահմանակէտերէ զիջումներ կատարել», շեշտեց ան:

Պու Սաապ հաստատեց, որ կայ շրջան մը, որ ծովուն մէջ գտնուող նաւթահորին եւ ծովափին միջեւ կը գտնուի, եւ այդ ուղղութեամբ ստացանք համակարգում մը, որ կը վերաբերի այդ շրջանին մէջ գտնուող ծովային ծփաններուն:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ նուազ քան 48 ժամուան ընթացքին նման համակարգումներ ստանալը լաւ քայլ է եւ ցոյց կու տայ բանակցութիւններուն լրջութիւնը, որովհետեւ անիկա Լիբանանի պահանջած պատասխաններուն մաս կը կազմէ: «Մեր այլ

հարցումներուն պատասխանը խոստացուած է ներկայացնել այս շաբթուան ընթացքին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ստանալ գրաւոր նամակ մը, որ պիտի սերտուի հանրապետութեան նախագահին կողմէ», յայտնեց ան:

Նշենք, որ Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարն ու Ֆրանսայի քաջալերող կեցուածքը այս իմաստով, ինչպէս նաեւ «Թոթալ» ընկերութեան դերակատարութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ ստորագրուելիք համաձայնութեան հարցն ու անոր վերաբերող օրէնքները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ նախագահական ընտրութեան գործընթացն ու այդ իմաստով սահմանադրութեան ժամկէտը յարգելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան երկիր մըն է, որ նախագահական ընտրութիւնը յետաձգելու ի վիճակի չէ:

Կրիօ հաստատեց, որ Ֆրանսան եւ միջազգային ընտանիքը մօտէն կը հետեւին նախագահական ընտրութեան կարեւոր գործընթացին, որ պիտի կատարուի լիբանանցիներուն համար անկիւնադարձային փուլի մը ընթացքին:

 

 

 

 

 

Նախորդը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Բանբեր. «Լիբանանեան Բանակին Հետ Օրական Դրութեամբ Կը Գործակցինք, Եւ Այս Իրականութենէն Ոչինչ Փոխուած Է»

Յաջորդը

Ժահժահ. «14 Սեպտեմբերի Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին Պիտի Չմասնակցինք»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.