Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 260 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.300 լ. ոսկի է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի շաբաթավերջին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյր: Քննարկուեցան երկրին տնտեսական իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Լիբանանին հաւատացող քաղաքացիները զօրակցին իրարու, մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Մահատի մէջ նախագահեց Սրբուհի Ռաֆքայի դամբարանին մօտ մատուցուած պատարագի մը, որուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` մաղթելով, որ ան իր ուղին շարունակէ եւ իշխանութեան իր ժամանակաշրջանը աւարտէ Լիբանանի շահերուն ծառայելով:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ողջունեց բարեկարգչական երեսփոխաններուն ներկայացուցած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը: Ան ամօթալի եւ ցաւալի գտաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը խանգարել միտող փոխանորդ դատաւորի մը նշանակման հարցը:

ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը այսօր կը սկսի շարք մը այցելութիւններու` երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն ներկայացնելու համար նախագահական ընտրութեան վերաբերող իր նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի նախագահական ընտրութեան գործընթացը վերածել զուտ լիբանանեան սահմանադրական գործընթացի եւ Պաապտա հասցնել հանրապետութիւնը փրկելու յատկանիշներ ունեցող նախագահ մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ պետական ամավարկին մասին իրենց կեցուածքը պիտի ճշդեն` հիմնուելով երկրին շահերը ապահովելու առումով իրենց տեսակէտներուն վրայ: Ան հաստատեց, որ պետական ամավարկի մանրակրկիտ քննարկում պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական մարզի պաշտօնէութիւնը, յատկապէս պետական դպրոցներու ուսուցիչներն ու Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները արդարօրէն հատուցել: «Պիտի մերժենք լիբանանցիներուն վրայ պարտադրուելիք յաւելեալ տուրքերը», հաստատեց ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ իւրաքանչիւր երեսփոխանի պարտականութիւնն է նախագահական ընտրութիւնը պահել զուտ լիբանանեան գործընթացի իր սահմաններուն մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իրենց համար կարեւորն ու անհրաժեշտը երկրին սահմաններուն ու Լիբանանի բնական հարստութիւններուն պահպանումն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալու կարելիութեան մասին մտածելը հարուած կը հասցնէ Լիբանանին եւ քրիստոնեաներու իրաւունքներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ տիրող ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն, որ բոլորը ըլլան բարձր մակարդակի պատասխանատուութեան վրայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, նոյնիսկ եթէ ներկայ իշխանութեան ժամանակաշրջանի աւարտին մէկ շաբաթ մնայ: «Կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է` տէր դառնալու համար Լիբանանին եւ հանրապետութեան նախագահութեան, եթէ պատահի, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալու դրութիւն ստեղծուի», յայտնեց ան: Քասեմ ընդգծեց, որ իրենք Լիբանանի ջրային, կազային եւ նաւթային ամբողջական իրաւունքները կը պահանջեն եւ ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կ՛ընդունին, ի՛նչ ալ ըլլան բացատրութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց հանրապետութեան փրկութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ իրեն ոչ մէկ բան կը վախցնէ: Անդրադառնալով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` Ժահժահ յայտնեց, որ Ֆրենժիէ մերժելի է Դիմադրութեան առանցքին անոր պատկանելիութեան պատճառով: Ան հաստատեց, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 31 հոկտեմբեր 2022-ին պիտի հեռանայ Պաապտայի պալատէն:

 

Նախորդը

Նոր Նստաշրջան Ու Նորոգուած Մարտավարութիւն

Յաջորդը

Թրիփոլիի Մէջ Աւազակութեան Դէպք Մը Կը Պատճառէ Չորս Զոհ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?