Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ նախագահեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք յայտարարեց, որ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ 14 սեպտեմբերի խորհրդարանի լիագումար նիստին, որովհետեւ անիկա կը զուգադիպի հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի նահատակութեան յիշատակին:
«Այս իմաստով պէտք է բոլորը մեր զգացումները հաշուի առնեն», ըսաւ ան:
Ժահժահ աւելցուց, որ իրենք այս առնչութեամբ խորհրդակցած են նաեւ Փաղանգաւոր եւ Ազատականներու կուսակցութիւններուն հետ եւ որոշած 14 սեպտեմբերի լիագումար նիստին չմասնակցիլ:
Ժահժահ կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին մէկ քայլ առաջ երթալու եւ լիագումար նիստը ուրիշ օրուան յետաձգելու:


