Լիբանանեան

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Կատարեց Ձերբակալութիւններ

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Կատարեց Ձերբակալութիւններ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը անցեալ շաբաթ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի ջոկատ մը ամբողջ Ապի Սամրայի մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ներխուժումներ կատարած է: Ներխուժումի գործողութեանց վերահսկած է նաեւ բանակի օդուժը իր ուղղաթիռներով: Ներխուժման այս գործողութիւններուն ընթացքին ձերբակալուած են արդարութեան կողմէ պահանջուած յանցագործներ եւ յանձնուած հետաքննութեան: Բանակը գրաւած է նաեւ անոնց մօտ գտնուող ձեռնառումբեր եւ գնդացիրներ, ինչպէս նաեւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 174 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.100 լ. ոսկի է: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Մայֆուքի Սայիտաթ Իլիժ մարոնի պատրիարքութեան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած տարեկան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց կարող կառավարութիւն մը կազմելու...

2022-ի Պետական Ամավարկի Քննարկումը  Յետաձգուեցաւ 26 Սեպտեմբերին

2022-ի Պետական Ամավարկի Քննարկումը Յետաձգուեցաւ 26 Սեպտեմբերին

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ ետք շարունակեց գումարել 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը: Քննարկումին շարունակումէն ետք խորհրդարանը ամավարկին վերաբերող կարգ մը կէտեր վաւերացուց, սակայն հարցը ծագեցաւ, երբ վարչապետ Միքաթին յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է մաքսատնային տոլարի սակը 15.000 լ. ոսկիի բարձրացնել, ինչ որ պատճառ...

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ  Քննարկեց Նիւ Եորք Այցելութեան  Նախապատրաստութիւնները

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Նիւ Եորք Այցելութեան Նախապատրաստութիւնները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորք կատարելիք իր այցելութեան նախապատրաստութիւնները` նկատի ունենալով, որ Միքաթի ինք պիտի գլխաւորէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը եւ ինք պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը: Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան. քննարկուեցան երկրագործութեան մարզին վերաբերող հարցեր: Վարչապետին...

Պու Հապիպ. «Լիբանանի Ծովային  Սահմանագծումին Իմաստով Վերջնական  Համաձայնութիւն Չկայ Տակաւին»

Պու Հապիպ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար անոնց առաքելութեան յաջողութիւնն ու շարունակականութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ հանդարտ, լուրջ եւ պատասխանատու երկխօսութիւն մը կատարելու կարեւորութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ճամբու քարտէս մը ապահովելու նպատակով: Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հըզպալլայի Աքթերը Կը Սպառնան Լիբանանցիներուն Անվտանգութեան»

Միացեալ Նահանգներ Կարելի Կը Նկատեն Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումը կարելի է: Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուզէ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները խանգարել եւ Քարիշի նաւթահորին դէմ յարձակում կատարել, մենք կ՛ողջունենք անոր որոշումը, եւ կը հաստատենք, որ այդ արարքին...

Բարեկարգչական Երեսփոխանները  Այցելեցին Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքին

Բարեկարգչական Երեսփոխանները Այցելեցին Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքին

Բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքին` ներկայացնելու համար իրենց առաջադրած նախագահական փրկութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացին: Բարեկարգչական երեսփոխաններու պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Մարք Տաու, որ յայտնեց, թէ քննարկումները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են նախագահական թափուր դրութիւնը կանխարգիլելու վրայ` աւելցնելով, որ պէտք է քաղաքական բոլոր կողմերը անհրաժեշտ պատասխանատուութիւնը ստանձնեն: Տաու ընդգծեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպումը դրականօրէն...

Կրիօ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Ժահժահի

Կրիօ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Ժահժահի

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ վերահաստատեց, որ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ երկրին փրկութեան եւ Լիբանանի զարթօնքին համար պէտք եղած բարեկարգումներուն վերաբերեալ յստակ տեսլական ունի, ինչպէս նաեւ կարողութիւն ունի նուաճումներ իրագործելու եւ կառչած կը մնայ երկրին ամբողջական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 190 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.300 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, մազութը` 12.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի...

Նախագահ Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան  Կազմութեան, Ծովային Սահմանագծումի  Եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Լիբանանի  Մասնակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Միքաթիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան, Ծովային Սահմանագծումի Եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Լիբանանի Մասնակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով արձանագրուած զարգացումներն ու կատարուած հաղորդակցութիւնները` արագացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Նախագահն ու վարչապետը քննարկեցին Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարն ու ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի պարտականութիւնը: Քննարկուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին Լիբանանի մասնակցութեան հարցը եւ այդ առիթով վարչապետ...

Վիգէն Իւլճեքեանի Հարցով.  Ազրպէյճանի Դեսպանը Կանչուած Է Լիբանանի  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Վիգէն Իւլճեքեանի Հարցով. Ազրպէյճանի Դեսպանը Կանչուած Է Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Աղա Սալիմ Շոքորով կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ ընդունուած նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու տնօրէն Ղատի Խուրիի կողմէ: Ազրպէյճանի դեսպանին փոխանցուած է արտաքին գործոց նախարարութեան դժգոհութիւնը Պաքուի մէջ գերեվարուած լիբանանահպատակ Վիգէն Իւլճեքեանի հարցին գծով Ազրպէյճանի պետութեան ձգձգումներուն եւ Լիբանանի դիմումները անպատասխան ձգելու պատճառով: Վիգէն Իւլճեքեանի ձերբակալման թուականէն ասդին, Լիբանան բազմիցս դիմած է Ազրպէյճանի պետութեան` անոր...

Խորհրդարանը Սկսաւ Քննարկել  2022-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը Սկսաւ Քննարկել 2022-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը երէկ սկսաւ գումարել 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը: Լիագումար նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ֆարիտ Մքերիի յիշատակը: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին սկսած նիստին ընթացքին խօսքեր առին 16 երեսփոխաններ, որոնք քննադատեցին պատրաստուած պետական ամավարկը: Նիստը տեւեց մինչեւ կէսօրէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 193 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.000 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 17.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը`...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն  Յայտնեց Հայաստանի Գերիշխանական Տարածքին Վրայ Ազրպէյճանական Զինուորական Գործողութիւններուն Մասին

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Գերիշխանական Տարածքին Վրայ Ազրպէյճանական Զինուորական Գործողութիւններուն Մասին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանի գերիշխանական տարածքին վրայ ազրպէյճանական զինուորական գործողութիւններուն մասին: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ մտահոգութիւն կը յայտնէ զինուորական այս գործողութիւններուն նկատմամբ եւ կը ցաւի հայկական շրջաններուն մէջ արձանագրուած ոճիրներուն եւ քանդումին համար, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ կասեցնելու զինուորական գործողութիւնները, յարգելու զինադուլը եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան», կը նշէ...

Նախագահ Աուն. «Ծովային Սահմանագծումի  Խորհրդակցութիւնները Զարգացումներ Կ՛արձանագրեն»

Նախագահ Աուն. «Ծովային Սահմանագծումի Խորհրդակցութիւնները Զարգացումներ Կ՛արձանագրեն»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի արհեստագիտութեան եւ համակարգչային գիտութեան սենտիքայի նորընտիր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժոզեֆ Ղոսթին Խուրիի եւ ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուիի ու Ղասսան Աթալլայի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ծովային սահմանագծումը գործադրելով կարելիութիւն պիտի ընծայուի Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ իր նաւթահորերն ու կազի հանքերը հորատել: «Այս իրականութիւնը լիբանանեան տնտեսութեան դրական...

Լիբանանեան Դրամատուներուն Դէմ Զինեալ  Ներխուժումները Կը Շարունակուին, Իսկ Պետական  Ամավարկի Քննարկումին Նուիրուած Խորհրդարանի  Լիագումարը Տեղի Կ՛ունենայ Այսօր

Լիբանանեան Դրամատուներուն Դէմ Զինեալ Ներխուժումները Կը Շարունակուին, Իսկ Պետական Ամավարկի Քննարկումին Նուիրուած Խորհրդարանի Լիագումարը Տեղի Կ՛ունենայ Այսօր

Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներուն դէմ զինեալ ներխուժումի այլ դէպք մը արձանագրուեցաւ երէկ, երբ «Պլոմ» դրամատան Սոտեքոյի մասնաճիւղին մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացի մը` Սալի Հաֆեզ` իր ատրճանակով մուտք գործեց դրամատուն եւ զէնքի ուժով կրցաւ դրամատունէն 20 հազար տոլարի գումար մը ստանալ` դրամատան մէջ պահ դրած իր գումարներէն: Ճիշդ է, որ Սալի Հաֆեզի եւ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքն է ստանալ...

Վարչապետ Միքաթի Ելեկտրականութեան Հարցը  Քննարկեց Ֆայեատի Հետ

Վարչապետ Միքաթի Ելեկտրականութեան Հարցը Քննարկեց Ֆայեատի Հետ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան հարցը: Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ վարչապետը տեղեակ պահած է ելեկտրականութեան մարզին կապուած զարգացումներուն եւ բարեկամ երկիրներուն միջոցով ելեկտրական հոսանք ապահովելու ջանքերուն մասին: Ֆայեատ ընդգծեց, որ այդ զարգացումները ուղղակիօրէն կախեալ են ելեկտրականութեան հոսանքի սակը բարձրացնելու քայլէն` աւելցնելով, որ քաղաքացիներուն կողմէ պետութենէն...

Սեսին Հրապարակին Վրայ.  Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան  40-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Սեսին Հրապարակին Վրայ. Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ: Այս առիթով Պաշիր Ժեմայէլի զաւակը` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ 14 սեպտեմբեր 1982-ին Պաշիրի ֆիզիքական սպանութեամբ ոմանք փաստեցին, որ սուրիական ու իրանեան բռնագրաւումով կրնան քանդել լիբանանեան պետութիւնը եւ Պաշիրի ծրագիրը փոխարինել ձախող ծրագիրով: Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ...

Մաուլաուի. «Դէպի Ծոցի Երկիրներ  Չարիքի Արտածումը Կասեցնելու Համար  Կազմ Ու Պատրաստ Ենք»

Մաուլաուի. «Լիբանան Բարձիթողի Վիճակի Մէջ Ձգուած Տարածք Մը Չէ Գործակալներու Եւ Գաղտնի Սպասարկութիւններու Դիմաց»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան բարձիթողի վիճակի մէջ ձգուած տարածք մը չէ գործակալներու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու դիմաց: «Մենք գիտենք ինչպէս բացայայտել ու ձերբակալել գործակալները` հետաքննութեան մանրամասնութիւնները գաղտնի պահելով: Լիբանանի մէջ բացայայտած ու ձերբակալած ենք լրտեսական եւ գործակալական տասնեակ ցանցեր, եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ յանցագործները փոխանցուած են համապատասխան զինուորական ատեան»,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 220 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.400 լ. ոսկի է: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ սահմանագծում կատարելու իմաստով կը խօսինք ոչ թէ շաբաթներու, այլ` օրերու մասին: Ան շեշտեց, որ...

Page 316 of 988 1 … 315 316 317 … 988

Արխիւներ