Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին` ընկերակցութեամբ իրանեան դեսպանատան պատասխանատուներուն եւ Իրան գործուղուելիք լիբանանեան պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանին տրամադրուելիք իրանեան նաւթի նուիրատուութեան վերաբերող հարցեր, որոնց շարքին նախ եւ առաջ այն, որ այդ նաւթը կարենայ օգտագործուիլ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութիւն արտադրելու:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան պատուիրակութեան Թեհրան կատարելիք այցելութեան եւ անոր կապուած մանրամասնութիւններուն:
Ֆայեատ ընդգծեց, որ իրանեան նաւթի նուիրատուութիւնը ողջունելի է, այնպէս ինչպէս բոլոր նուիրատուութիւնները, որոնք կը կատարուին բարեկամ երկիրներուն կողմէ:
Ֆայեատ նշեց, որ այդ նախաձեռնութիւնը կատարուեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ, եւ ապա առաջարկի ձեւով ներկայացաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ` մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: «Այս նախաձեռնութեան ընդառաջեց վարչապետ Միքաթի, որ իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Անոնք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան Իրանի նախագահին հետ, եւ այդ հաղորդակցութեան լոյսին տակ այդ նախաձեռնութիւնը արժանացաւ բոլորին ողջոյնին` քաղաքական եւ ազգային առումով», ըսաւ Ֆայեատ:
Ան նշեց նաեւ, որ այս նախաձեռնութիւնը ռազմավարական է այն իմաստով, որ անիկա մեկնակէտը պիտի ըլլայ նախարարութեան մշակած ելեկտրականութեան ծրագիրը իրականացնելու: «Այդ ծրագիրին նպատակն է ելեկտրական հոսանքի մատակարարման ժամերը աւելցնել եւ քաղաքացիներուն տրամադրել ելեկտրական հոսանք` աւելի նուազ սակով, քան ինչ որ կը պարտադրեն ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը», շեշտեց Ֆայեատ:
Իր կարգին, Ամանի յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` ոչ միայն վառելանիւթ ապահովելու, այլ ընդհանրապէս ուժանիւթի մարզին կապուած աջակցութիւն կատարելու, ինչպէս` ելեկտրակայաններ հիմնելու եւ ելեկտրական ցանցերը նորոգութեան ենթարկելու ծառայութիւններուն առումով:
Ամանի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան մօտ կայ քաղաքական կամք, որ այս համաձայնութիւնը ակնկալուած աւարտին հասնի: «Իրանեան նաւթի նուիրատուութիւնը պիտի տրամադրուի` լիբանանցիներուն ծառայութեան ի խնդիր», շեշտեց Ամանի` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ սկիզբ մը բոլոր մարզերուն մէջ գործակցելու:


