ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 244 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 36.500 լ. ոսկի է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց վերջին իրադարձութիւնները: Պու Հապիպ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իր ճիգերը կը շարունակէ` աւելցնելով, որ կը պահանջուի քաղաքական բոլոր ուժերէն ընդառաջել իր ջանքերուն, վերջ տալ նախապայմաններուն եւ կազմութեան հոլովոյթը արգելակող մնայուն խոչընդոտներուն:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Շէյխ Խաթիպ յոյս յայտնեց, որ Լիբանան իր արաբ եւ իսլամ եղբայրներուն զօրակցութիւնը ստանայ, յատկապէս` Քաթարի կողմէ, նկատի ունենալով, որ Տոհա միշտ նեցուկ կանգնած է Լիբանանին, անոր տագնապալի օրերուն ընթացքին:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը` արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 8000 լ. ոսկիով, մազութը` 10.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 4000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 646.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 661.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 800.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 354.000 լ. ոսկի:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Պեքաա, ուր շեշտեց, որ Լիբանանի փրկութեան համար ոչ մէկ ծրագիր պիտի յաջողի, եթէ ան հիմնուած չըլլայ Պեքաայի եւ Պրիթելի բնակիչներուն ներուժին եւ դերակատարութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ Պեքաան, որ նախապէս կոչուած է Հռոմի շտեմարանը, պէտք է վերածուի Լիբանանի տնտեսական շնչափողին: Իպրահիմ ընդգծեց, որ Պեքաայի բոլոր գիւղաքաղաքները լիբանանեան պետութեան պարտք ունին վճարելիք, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը տակաւին այդ պարտաւորութիւնը կատարած է: Իպրահիմ նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը վերստին կեանքի կոչած են` աւելցնելով, որ իրենք չեն միտիր զանոնք Լիբանանէն վտարել, եւ պէտք չէ առիթ տալ դաւադիրներուն` իրականացնելու իրենց մտադրութիւնը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ապի Սամրա շրջանին մէջ երէկ քաղաքացի մը զոհ գնաց փամփուշտի մը, որ արձակուած էր կռիւի մը ընթացքին օգտագործուած գնդացիրէ մը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հարց տուաւ արդարութեան եւ մարդկայնութեան մասին, երբ հարիւրաւոր բանտարկեալներ կը շարունակեն առանց դատավարութեան արգելափակուած մնալ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու նոր կառավարութիւնը, որպէսզի մինչեւ 31 հոկտեմբեր երկրին կացութիւնը բնականոն ըլլայ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող շարք մը հարցեր:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի հարցով ինք ոչ մէկ լիբանանցի պատասխանատուի կը վստահի, որովհետեւ անոնք իրենց շահերուն համար կը բանակցին եւ ոչ թէ Լիբանանի իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր: «Միայն բանակին կեցուածքին կը վստահիմ եւ վստահ եմ, որ Իսրայէլ ձեր վրայ կը խնդայ բան մը փախցնելու միտումով», յայտնեց Ուահապ:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին յատուկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Ֆրանսա մեծ ճնշումներ կը բանեցնէ Լիբանանի վրայ, որպէսզի Լիբանան գործադրէ իրմէ պահանջուած բարեկարգումները:


