Անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուեցաւ աւազակութեան դէպք մը, որուն ընթացքին զինեալներ փորձեցին գողնալ «Շահին» հիւանդանոցին կից գտնուող բջիջային հեռաձայնի վաճառատուներէն մէկը:
Գնդացիրներ եւ ձեռնառումբեր կրող անծանօթները փորձեցին զինու զօրութեամբ վաճառատունը գողնալ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ վաճառատան մէջ արձանագրուին փոխադարձ կրակոցներ, որոնց պատճառով վաճառատան սեփականատէր Մահմուտ Խտըր եւ անոր երեք ընկերները սպաննուեցան: Կրակոցը պատճառեց նաեւ վիրաւորներ:
Ժապալ Մըհսենի բնակիչ Մահմուտ Խտըրի եւ անոր ընկերներուն մահուան լուրը շրջանի բնակիչ երիտասարդները մղեց ցասումի: Անոնք իբրեւ զայրոյթի արտայայտութիւն օդին մէջ կրակեցին, մինչ ապահովութեան ուժերը փակեցին դէպի Ժապալ Մըհսեն տանող բոլոր ճամբաները:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հետեւեցաւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած այս դէպքին եւ զայն կոչեց ցաւալի դէպք մը, որուն պատճառով ինկած են չորս զոհեր:
Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ` ընդգծելով կացութիւնը զսպելու եւ հակակշռելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական միջոցառումները խստացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ոչ ոքի արտօնուի Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը եւ անոր զաւակներուն խաղաղութիւնը խախտել:
Մաուլաուի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ` անկէ խնդրելով անմիջապէս հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ պաշտպանել քաղաքին կայունութիւնն ու Թրիփոլիի բնակչութեան անվտանգութիւնը: