Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբերին գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն եւ տեղեկատուութեան մարզին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած են անճիշդ լուրեր` ՖԻՆԻՒԼ-ի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահները յանձնառու կը մնան հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան զօրակցութեան:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը միշտ ալ ունեցած են շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն կատարելու իրաւունք` լիբանանեան բանակին հետ կամ առանձին: Բայց եւ այնպէս միջազգային խաղաղապահ ուժերը իրենց աշխատանքը միշտ ալ համադրած են լիբանանեան բանակին հետ, նոյնիսկ երբ բանակայինները իրենց չեն ընկերակցիր: Հետեւաբար Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգման որոշումին ծիրին մէջ ընդգծուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ազատ շարժելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբերին հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ ՖԻՆԻՒԼ օրական դրութեամբ կը գործակցի լիբանանեան բանակին հետ, եւ այդ իրականութենէն ոչինչ փոխուած է:
«Ճշմարտութիւնները կարեւոր են, եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլոր լրատուամիջոցներուն մեզի հետ կապուելու եւ ստուգելու տեղեկութիւնները, ապա հրատարակելու զանոնք, որովհետեւ անճիշդ տեղեկութիւնները կրնան լարուածութիւն ստեղծել միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ այն հասարակութիւններուն միջեւ, որոնց օժանդակութեան համար անոնք կը ծառայեն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:


