Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Նախագահական Պալատէն Պիտի Հեռանամ, Եթէ Բնական Օր Մը Ըլլայ»

September 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ինք կրնայ հաստատել, որ ինք նախագահական պալատէն պիտի հեռանայ նախագահական պաշտօնավարութեան իր նստաշրջանի վերջին օրը, «սակայն ինչ որ չեմ կրնար այն է, թէ անիկա բնական օր պիտի ըլլայ կամ ոչ` նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան գործընթացին մասին հաւանականութիւնները: Կը յուսամ, որ 31 հոկտեմբերի գիշերը ամէն ինչ բնական ըլլայ, որպէսզի կարենամ առանց մտահոգութեան տուն վերադառնալ», շեշտեց նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ այս իմաստով ինք կասկածներ ունի:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին վերաբերող վերջին զարգացումները` ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի առած քայլերուն լոյսին տակ:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ Հոքշթայնի հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի. քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հետաքննութիւնը սառեցնելու հետեւանքները, ինչպէս նաեւ առկայ առաջարկները` վերսկսելու համար հետաքննութեան աշխատանքը:

Հանդիպումէն ետք Խուրի վերահաստատեց օր մը առաջ իր արտայայտած կեցուածքները, թէ առաջարկը ներկայացուած է դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին, որ իր կարգին պէտք է պատասխան տայ, յատկապէս նշանակումներուն առումով:

Խուրի շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան համար փոխանորդ դատաւոր մը պէտք է նշանակել, որպէսզի այդ թղթածրարին հետաքննութեան վերսկսի:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մոհամետ Շքէյրի:

Հանդիպումին ընթացքին Շքէյր նախագահ Աունին յանձնեց տնտեսական-ելեւմտական ապաքինման ծրագիրը, որ կը բովանդակէ նաեւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները պարբերաբար յանձնելու կարելիութիւնը, որուն նպատակն է Լիբանանի զարթօնքը ապահովել:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի ներկայ տնտեսական տագնապի լուծման համար ի գործ դրուող բոլոր ջանքերուն, եւ յոյս յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումին շնորհիւ կարելի ըլլայ կազ եւ նաւթ արտահանել եւ երկրին համար աւելի փայլուն ապագայ մը ապահովել:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի նոր կառավարութիւն մը կազմելու համար: Ան նշեց նաեւ, որ կարելի է ներկայ կառավարութիւնը ամրացնել քաղաքական ուժերը ներկայացնող վեց պետական նախարարներով, «առաջարկ մը, որ նշանակեալ վարչապետը կատարած էր, սակայն աւելի ուշ յետս կոչած իր առաջարկը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ստորագրեց երկու հրամանագիրներ, որոնցմով բանակայիններուն եւ ապահովութեան ուժերուն պիտի կատարուին փոխադրածախսի յատկացումները, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուին Լիբանանեան համալսարանի անձնակազմերուն տրուելիք ընկերային օժանդակութիւնները, սկսեալ` 1 յուլիս 2022-էն մինչեւ յառաջիկայ վեց ամիսները:

 

 

 

Նախորդը

Բարեկարգչական Երեսփոխանները Այցելեցին Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պլոքին

Յաջորդը

Գաղթականներու Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Ժողով. Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Ապահովելու Ջանքերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.