Լիբանանեան

Պու Հապիպ Շիայի Եւ Վրոնեցքայի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պու Հապիպ Շիայի Եւ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սահմանադրական գործընթացներն ու լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.300 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վաւերացուց 2022-ի պետական ամավարկը եւ զայն յղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Սալման Աթհարը, որմէ իմացաւ Փաքիստանը հարուածած ողողումներուն մանրամասնութիւնները: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է...

Ծովային Սահմանագծումին Իմաստով  Մթնոլորտը Առաւելագոյն Չափով Դրական Է

Ծովային Սահմանագծումին Իմաստով Մթնոլորտը Առաւելագոյն Չափով Դրական Է

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանան - Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի գրաւոր առաջարկին մասին: Դռնփակ հանդիպումէ մը ետք անոնց միացաւ նաեւ սահմանագծումի թեքնիք մանրամասնութիւնները սերտող յանձնախումբը: Հոքշթայնի առաջարկը որդեգրած է Լիբանանին ներկայացուցած դիտողութիւնները եւ...

Աննա Կեկեն Լիբանանի Իշխանութեան  Պետերուն Հետ Քննարկեց Երկկողմանի  Յարաբերութիւնները Եւ Լիբանանեան  Իրադարձութիւնները

Աննա Կեկեն Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Եւ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն Աննա Կեկենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կը կատարուի` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնը խորհրդարանին պարտականութիւնն է: Նախագահ Աուն մաղթեց, որ երեսփոխանները իրենց ընտրանքները ճշդեն այդ...

Վարչապետ Միքաթի Շարունակեց  Քննարկել 2023-ի Պետական Ամավարկը

Վարչապետ Միքաթի Շարունակեց Քննարկել 2023-ի Պետական Ամավարկը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկը: Նիստին ներկայ էին փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարրաուի եւ Միքաթիի խորհրդական, նախկին նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ վարչապետի տնտեսական հարցերու խորհրդական Սամիր Տահեր: Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն Աննա...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.900 լ. ոսկի է: ԹԱՅՅՈՒՆԷԻ միջադէպին ընթացքին ձերբակալուած անհատներու ընտանիքներ երէկ երեկոյեան որոշ ժամանակի համար հրկիզուած անիւներով փակեցին Թայյունէի ճամբան: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ Լիբանանին կը վերադարձնէ ներքին եւ արտաքին վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց կազմել կառավարութիւն մը,...

Հոքշթայնի Գրաւոր Առաջարկը Ստանալէ Ետք.  Նախագահ Աուն Իշխանութեան Պետերը  Կը Հրաւիրէ Խորհրդակցութեան

Հոքշթայնի Գրաւոր Առաջարկը Ստանալէ Ետք. Նախագահ Աուն Իշխանութեան Պետերը Կը Հրաւիրէ Խորհրդակցութեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որմէ ստացաւ Լիբանան - Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի գրաւոր առաջարկը: Այս առումով, նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ խորհրդակցեցաւ անոնց հետ, որպէսզի  կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային...

Զօր. Աուն Լիբանանի Ապահովական  Կացութիւնը Քննարկեց Սլիմի Հետ

Զօր. Աուն Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը Քննարկեց Սլիմի Հետ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին այցելեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին իրավիճակն ու Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերն ու ընդհարումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին որդեգրած քայլերը` սահմաններուն հսկելու, մաքսանենգումը եւ լիբանանեան հողեր ապօրինի մուտքը արգիլելու վերաբերեալ: Այս շրջագիծին մէջ Սլիմ ընդգծեց ապօրինի ծովային գաղթը...

Սէյիտ Նասրալլա. «Ծովային Սահմանագծումի  Սեմին Կը Գտնուինք, Եւ Լիբանանեան Պետութեան  Հայեցողութեան Ձգուած Է Լիբանանի Շահերուն Ապահովումը»

Սէյիտ Նասրալլա. «Ծովային Սահմանագծումի Սեմին Կը Գտնուինք, Եւ Լիբանանեան Պետութեան Հայեցողութեան Ձգուած Է Լիբանանի Շահերուն Ապահովումը»

Իսլամ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Ալի Ամինի յետմահու յիշատակի ձեռնարկին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ սէյիտ Ամինի յատկանիշներուն, արժանիքներուն եւ վաստակին: Միւս կողմէ, ծովային սահմանագծումի թղթածրարին անդրադառնալով, սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ամիսներու վրայ երկարող քաղաքական եւ քարոզչական ջանքերէ ետք, իշխանութեան երեք պետերը ստացան սահմանագծումի բանագնացին գրաւոր առաջարկը, որ կարեւոր քայլ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.500 լ. ոսկի է: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այցելելէ ետք Տիմանի մէջ խնձորի մշակներուն, հաստատեց, որ մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2022 հանրապետութեան նոր նախագահ մը պիտի ընտրուի` աւելցնելով, որ իր հաւատքը այդպէս կը ներշնչէ: Ան շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալու հաւանականութիւնը մերժելի է` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ ներքին...

Նախագահ Աուն. «Նաւթ Եւ Կազ Արտահանելու  Մեր Իրաւունքը Պիտի Ստանանք»

Նախագահ Աուն. «Նաւթ Եւ Կազ Արտահանելու Մեր Իրաւունքը Պիտի Ստանանք»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ «Նաշեր» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 2018-ին, երբ առաջին անգամ ըլլալով նաւթի ու կազի հորատման տարբեր ընկերութիւններ յայտնած էին, թէ չորրորդ նաւթահորին մէջ կրցած են քարիւղ գտնել, սակայն քիչ քանակութեամբ: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ անոնք նման յայտարարութիւն կատարած են, որովհետեւ չէին ուզեր, որ Լիբանան իր նաւթը արտահանէ, «սակայն ներկայիս կը գտնուինք այս...

Վարչապետ Միքաթի Կը Նախագահէ 2023-ի  Պետական Ամավարկը Քննարկող Նիստի Մը

Վարչապետ Միքաթի Կը Նախագահէ 2023-ի Պետական Ամավարկը Քննարկող Նիստի Մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձաւ 2023-ի պետական ամավարկը: Նիստին ներկայ էին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարի խորհրդական Ժորժ Մաարրաուի եւ Միքաթիի խորհրդական, նախկին նախարար Նիքոլա Նահհաս: Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ասեմ Արաժի: Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին...

Նաքուրայի Մէջ.   Տել Քոլ Նախագահեց  Եռակողմանի Նիստին

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողով. Լիբանանեան Բանակը Յանձնառու Է 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի ժողով մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու ու լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ Մունիր Շահատէի: ՖԻՆԻՒԼ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ զօր. Լասարօ ժողովին ընթացքին հաստատած է, թէ Ապահովութեան խորհուրդը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու...

Քաթարեան Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Սալամի Եւ Շքէյրի

Քաթարեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սալամի Եւ Շքէյրի

Քաթարեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի նախարարութեան օգնական Սալահ պըն Մաժետ Խլէյֆի, ինչպէս նաեւ քաթարցի այլ պաշտօնատարներ, երէկ այցելեցին տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ներդրումներու, առեւտուրի եւ ծառայութիւններու մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ սերտ...

Շինքըր Այսօր Պիտի Այցելէ Լիբանան

Շինքըր. «Ծովային Սահմանագծումի Առումով Լիբանան Իր Պահանջները Հարիւր Առ Հարիւր Ստացած Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըր, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու նախկին բանագնացն էր, յայտնեց, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, ծովային սահմանագծումի առումով Լիբանան իր պահանջները հարիւր առ հարիւր ստացած է: Շինքըր ընդգծեց, որ սահմանագծումի համաձայնութիւնը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա այսպիսով ոչինչ պարտադրեց Իսրայէլին, այլ` Իսրայէլ իր համաձայնութեան քայլով Հըզպալլայի զէնքը իր իմաստէն եւ գոյութեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.000 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 5000 լ. ոսկիով, պիւթակազի շիշը` 6000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը նուազած է 10.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 691.000...

Նախագահական Ընտրութեան Անդրանիկ Նիստը  Ծառայեց Բազկերակները Շօշափելու

Նախագահական Ընտրութեան Անդրանիկ Նիստը Ծառայեց Բազկերակները Շօշափելու

Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խորհրդարանը գումարեց նախագահական ընտրութեան անդրանիկ նիստը, որ ծառայեց շօշափելու երեսփոխաններուն կամ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն բազկերակները: Նիստին ներկայ էին 122 երեսփոխաններ, 4 երեսփոխաններ բանաւոր պատճառներով բացակայ էին, իսկ երկու ուրիշներ` Սթրիտա Ժահժահ եւ Սելիմ Սայեղ, բացակայ էին: Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը սկսաւ իր բնական սահմանադրական ընթացքով, որուն ծիրին մէջ Պըրրի հարցումի...

Զօր. Աուն. «Պիտի Չարտօնենք,  Որ Բանակն Ու Հայրենիքը Քայքայուին»

Զօր. Աուն. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Բանակն Ու Հայրենիքը Քայքայուին»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ներկայ գտնուեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կը խոնարհին գաղտնի սպասարկութեան հերոս նահատակներուն յիշատակին դիմաց: «Գաղտնի սպասարկութեան հերոսները իրենց արիւնը անսակարկ շաղախեցին հայրենի հողին` պաշտպանելու համար հայրենիքն ու անոր գերիշխանութիւնը: Անոնք իրենց խղճին մէջ կրեցին հայրենիքը, եւ առանց անոնց Լիբանանը եւ անոր բանակը մարտահրաւէրներուն չէին կրնար...

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց  Ապօրինի Գաղթի Թղթածրարը

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Ապօրինի Գաղթի Թղթածրարը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական-ապահովական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ապօրինի գաղթի թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Նիստէն ետք ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին իրենք քննարկած են ապօրինի գաղթը կանխարգիլելու նպատակով որդեգրուելիք բոլոր միջոցառումները: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ պետութիւնը պիտի խստացնէ նաւերու արձանագրութեան արտօնագիրներու հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ նախազգուշացման արշաւներ պիտի...

Ուահապ. «Էրտողանի Փեսային Հրաժարականն  Ու Թրքական Լիրային Արժեզրկումը Սկիզբն Են  Մեծ Խաբեբայի Տապալումին»

Ուահապ. «Սէյիտ Նասրալլա Լիբանանին Երաշխիքներ Ապահովեց` Նաւթի Եւ Կազի Արտահանումի Իմաստով»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ իր հանդիպումին պատճառը բնական է, որովհետեւ իրենք դաշնակից են, եւ դաշնակից ուժերը իրարու հետ կը խորհրդակցին ու աշխատանքը կը համադրեն: Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան մուտք գործած է դժուար փուլ մը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրական կարեւոր գործընթաց մըն է, որ պէտք...

Page 312 of 988 1 … 311 312 313 … 988

Արխիւներ