Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծովային Սահմանագծումին Իմաստով Մթնոլորտը Առաւելագոյն Չափով Դրական Է

Հոկտեմբեր 4, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանան – Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի գրաւոր առաջարկին մասին:

Դռնփակ հանդիպումէ մը ետք անոնց միացաւ նաեւ սահմանագծումի թեքնիք մանրամասնութիւնները սերտող յանձնախումբը:

Հոքշթայնի առաջարկը որդեգրած է Լիբանանին ներկայացուցած դիտողութիւնները եւ շեշտած լիբանանեան սկզբունքներուն ճշգրտութիւնը` պահպանելով Լիբանանի բոլոր իրաւունքներն ու շահերը:

Իշխանութեան երեք պետերը միացեալ կեցուածք որդեգրեցին Հոքշթայնի առաջարկին վերաբերեալ եւ հաստատեցին, որ ժամերու ընթացքին իրենց կեցուածքը պիտի փոխանցուի բանագնացին:

Այդ դիտողութիւններուն լոյսին տակ ամերիկեան առաջարկը ենթարկուեցաւ փոփոխութիւններու, որոնք պիտի յանձնուին Հոքշթայնի, որ իր կարգին զանոնք պիտի ներկայացուի իսրայէլեան կողմին:

Նշենք, որ նախագահ Աուն կէսօրուան ժամը 1:00-ին նախագահեց սահմանագծումին վերաբերող թեքնիք այլ ժողովի մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտան, բանակային մը, քարիւղի մարզի ներկայացուցիչ Ուիսամ Շպաթ եւ սահմանագծումի աշխատանքներուն հետեւող լիբանանեան ծովուժի դերգնդապետ Աֆիֆ Ղէյս:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իշխանութեան երեք պետերուն դիտողութիւնները, որոնք թեքնիք եւ օրինական կէտերու կը վերաբերէին:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ սահմանագծումին առումով մթնոլորտը դրական է եւ ամէն ինչ իր հունին մէջ է, «իսկ Լիբանան կը ներկայանայ միացեալ կեցուածքով», շեշտեց ան:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի պահանջած հիմնասիւները համաձայնութեան մէջ ներառուած են:

Էլիաս Պու Սաապ յոյս յայտնեց, որ այսօր իսկ Լիբանանի պատասխան-նամակը կը յղեն Հոքշթայնի առաջարկին:

«Լիբանանի պատասխանը պիտի յղուի Հոքշթայնի, իսկ Լիբանանի վերջնական պատասխանը պիտի արձանագրուի` յղուած դիտողութիւններուն մասին բանագնացին պատասխանէն ետք», ըսաւ Պու Սաապ:

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Սաապ ըսաւ, որ բոլոր իսրայէլացի պատասխանատուները, որոնց մէջ նաեւ Նեթանիահուն քաջ գիտեն Լիբանանի զօրութեան կիզակէտը:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի մէջ ծովային սահմանագծումին դրական ըլլալուն մասին պաշտօնական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ իսրայէլացի պատասխանատուներուն միջեւ ստեղծուած բանավէճերը կը շարունակուին:

Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ իրենք աշխատանքը հանդարտ կերպով պիտի շարունակեն` գործադրելու համար Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը, որ ի շահ Իսրայէլի է:

Իսրայէլի արդարութեան նախարար Կիտէոն Սահեր աւելցուց, որ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծման համաձայնութիւնը Քնեսեթէն գաղտնի պահելու մտադրութիւն գոյութիւն չունի:

Իր կարգին, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ իսրայէլացի աւագ բանագնաց Ուտի Ատիրի հրաժարած է իր ընթացիկ պաշտօնէն` նոր պաշտօն մը ստանձնելուն պատճառով:

Նշենք, որ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի դատական գերագոյն ատեանը 27 հոկտեմբեր 2022-ին` Քնեսեթի ընտրութիւններէն 4 օր առաջ, պիտի ուսումնասիրէ Լիբանանի հետ կազի համաձայնութիւնը:

 

Նախորդը

Աննա Կեկեն Լիբանանի Իշխանութեան Պետերուն Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Եւ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Հետաքննելու Հայ Պատերազմական Գերիներու Գնդակահարութեան Տեսանիւթը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?